142.
ՀԱՅՈՑ
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆԻ
ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ
Բերա,
5
յունիս,
[1910]
Բարեկամներ,
Թէ
որ
թեթեւ
տկարութիւն
մը
զիս
պարտաւորած
չըլլար
քանի
մը
օր
գիւղ
երթալու,
անձամբ
պիտի
փութայի
ձեր
քով,
գրական
հին
վաստակաւորի
մը`
եթէ
ոչ
գործօն
աշխատակցութիւնը,
որ
մեծ
արժէք
մը
չի
ներկայացներ,
գոնէ
մաղթանքն
ու
քաջալերութիւնները
ձեզի
բերելու
համար:
Հրատարակչական
մը
հիմնելու
համար
Պոլսոյ
մէջ
—
ամենաջերմ
փափաքներէս.
է՛ն
առջի
սէրերէս
մէկն
է:
Ընդունուած
սովորութեան
մը
հետեւելով,
չպիտի
ըսեմ
ձեզի
որ
«դժուարին
ու
մեծ
գործ
մը»
ի
գլուխ
հանելու
վրայ
էք.
ո՛չ.
գործը
դիւրին
ու
համեստ
է:
Յաջողութիւնը
ձեռնարկելուն
մէջն
է:
Ըսին
ինծի,
որ
Եգիպտահայերն
ալ
Պոլսոյ
մէջ
Հրատարակչական
մը
հաստատելու
ձեռնարկած,
եւ
500
ոսկի
ալ
խրկած
են
այս
նպատակով:
Չեմ
գիտեր
թէ
այսպէս
անջատ
ու
զուգահեռական
գործողութիւն
մը
ո՛րքան
բանաւոր
է:
Ասիկա
քիչ
մը
այն
Բարեգործականին
կը
նմանի,
որ
կուսակցական
չըլլալու
դողին
մէջ,
ամենէն
աւելի
կուսակցական
Մարմինը
եղաւ.
իր
ամուր
ու
բարձր
պարիսպներովը,
իր
հետզհետէ
խորունկցող
խրամատներովը:
Պէտք
է
խոստովանիլ
որ
Փարաւոններու
երկրէն
եկող
այս
սովորոյթները
աւելի
իրենց
ախտավարակ
հանգամանքովը,
անձուկ
մտածութեամբը
ուշադրութիւն
կը
հրաւիրեն,
քան
թէ
մեր
քաղաքական-ազգային
կացութեանը
ու
ձգտումներուն
լուրջ
գիտակցութենէն
կը
բղխին:
Հայ
մտաւորականութեան,
հայ
երիտասարդութեան
տեսակ
մը
ասպարէզ
կարդալու
ձեւեր,
հոգւով
ու
մտքով
անկէ
բաժնուելու
շարժումներ,
որոնք
յաւէտ
պախարակելի
են:
Դրամի
մարդուն
այս
բիրտ
վարմունքը
Գրչի
մարդուն
դէմ,
բարեբաղդաբար
կամ
դժբաղդաբար,
միմիայն
Հայերու
մէջն
է,
որ
երեւան
կուգայ.
հայերու
մէջ`
որ
գերազանցապէս
դրական
ազգ
մը
ըլլալուն
չափ`
գերազանցապէս
մտաւորական
ազգ
մըն
է.
ի՞նչպէս
հաշտեցնել
այս
հակասութիւնը:
Պատճառն
այն
է
իմ
կարծիքովս,
որ
մենք
«երկդիմի»
ազգ
մըն
ենք.
ասիացի-եվրոպացիներ
ենք.
խառնածիններ,
որոնք
վերջնական
ու
որոշ
տիպարի
մը
յանգած
չեն
տակաւին:
Շատ
զուարճացայ
երբոր
ասկէ
մէկ
քանի
ամիս
առաջ
այնքան
աղմուկ
հանեցին
հոս,
—
Բարեգործականին
20000
ոսկիներուն
աղմուկը:
Պոլսահայերը
կրցա՞ծ
են
երբեք
ասանկ
դրամագլուխ
մը
գոյացնել,
միմիայն
«փաշաներու»,
«աղաներու»,
«լուրջ
անձնաւորութիւններու»
շնորհիւ
կատարուած
այս
մեծագործութիւնը
ի
հարկէ
չի
կրնար
ձեռք
բերուիլ
փոքրիկ
անձնաւորութիւններով,
որոնք
շատ
շատ
«պարոններ»
կրնան
յորջորջուիլ:
Եվ
սակայն
Միացեալ
Ընկերութիւնը,
որ
երիտասարդներու
ընկերութիւն
մըն
է
եւ
մնաց
մինչեւ
վերջը,
ատկէ
շատ
աւելին
ժողվեց,
ծախսեց,
լռութեամբ,
համեստութեամբ,
առանց
parvenu-ական
[1]
ձեւերու:
Ասով
«պարոնները»
ո՛չ
միայն
վարձը
տուին
իրենց
պարկեշտութեանը,
իրենց
անվիճելի
հայրենասիրութեանը,
այլ
ցուցուցին
նաեւ
որ
մատակարարելու
կարողութեան
մէջ
ալ
«փաշաներէն»
եւ
«աղաներէն»
ետ
չէին
մնար:
Միացեալ
Ընկերութեան
պատմութիւնը,
որ
իմ
կարծիքովս,
Հայոց
պատմութեան
գլխաւոր
մասերէն
մէկն
է
վերջին
20
տարիներուն,
անաչառ
ու
հմայիչ
վկան
է
այս
ըսածիս:
Եվ
ահա,
երբ
այս
մարմինը,
այսօր
վերակենդանացած`
առջի
եռանդովը
եւ
առջի
համեստութեամբը
կը
ձեռնարկէ
իր
վերաշինութեան
գործին,
փոխանակ
անոր
մեծութիւնը
պատուելու,
անոր
նուիրուելու
ամբողջապէս,
Բարեգործականին
20000
ոսկիներուն`
հազար
ու
մէկ
գիշերներէն
մնացած
այս
գանձին
առջեւն
է
որ
ամեն
գլուխները
կը
ծռին,
կը
խոնարհին
այստեղ.
20000
ոսկին
իր
պայմանները
կը
դնէ,
հրամանները
կուտայ,
եւ
իսկոյն
ամենքը
կը
հնազանդին.
խե՜ղճ
Պոլսահայեր:
Յետոյ,
Պոլսոյ
Հրատարակչականին
դէմ`
Եգիպտահայ
Հրատարակչականը
կ՚ելլէ`
իր
500
ոսկիներու
շլացումին
հետ
իր
պայմանները
կ՚առաջարկէ.
Պոլսահայերուն
500
ոսկի
կուտանք,
պայմանով
որ
…
Գլուխները
կը
ծռին
նորէն,
կը
խոնարհին
մինչեւ
փէշերը.
խե՜ղճ
Պոլսահայեր:
Եվ,
ի՞նչ
ծածկեմ
ձենէ,
սաստիկ
հրամայիչ,
անդիմադրելի
փափաք
մը
ներսէս
կուգայ
նետել
անոնց
ամենուն
երեսին`
բառը,
անզուգական
կերպով
որակիչ,
զոր
հին
վարպետ
մը`
Միսաքեան`
ստեղծեց,
նուիրագործեց
եւ
նոր
վարպետ
մը`
Կամսարական`
ոսկեզօծեց
իր
մէկ
գրուածքովը.
—Պապուկնե՜ր
…
Բարեկամնե՛ր,
երիտասարդնե՛ր,
կանգ
մի՛
առնէք
այս
պզտիկ
երեւոյթներուն
դիմացը.
ընդհակառակը,
մաղթեցէք
որ
Եգիպտահայոց
Հրատարակչականը
արդիւնաւոր
գործ
մը
ըլլայ,
փոխանակ
երկրորդ
Իզմիրեան
Յանձնաժողով
մը
ըլլալու,
մեռելական
տապանաքար:
Իսկ
դուք
ձեր
կորովով,
գրիչովը,
կամքովը
քալեցէք,
առանց
աջ
ու
ձախ
նայելու:
Մի՛շտ
ձեզի
հետ,
մի՛շտ
գրչի
մարդոց
հետ,
մի՛շտ
երիտասարդութեան
հետ:
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ