126.
[ՄԻՆԱՍ
ՉԷՐԱԶԻՆ]
[Կ.
Պոլիս],
15/28
հոկտ.
1908
Յարգելի
Ատենապետ
Ազգ.
Երեսփոխանական
Ժողովի,
Բիւզանդիոնի
մէջ
անցեալ
օր
հրատարակուած
յօդուած
մը
մեծ
վրդովում
յառաջ
բերաւ
համօրէն
Ազգին
եւ
երեսփոխաններու
մէջ:
Պոլսոյ
կաթողիկոսական
պատգամաւորը
յայտարարեր
է
Բիւզանդիոնի
խմբագրին
որ
իր
ընտրելին
Ամեն.
Իզմիրլեան
Սրբազանը
չէ:
Ազգ.
Երեսփոխանական
Ժողովին
միաձայնութեամբ
եւ
ծափահարութեամբ
տուած
բացարձակ
հրահանգին
հակառակ
է
այս
յայտարարութիւնը
եւ
անհաւատալի
կը
թուի:
Բայց
իզուր
սպասեցինք
հերքումի
մը
որ
մինչեւ
ցարդ
չերեւաց
լրագրաց
մէջ:
Այս
պայմաններուն
մէջ
կ՚ուզեմ
որ
մեր
պատգամաւորը
բացատրութիւններ
տալ
յօժարի
եւ
հանդարտեցնէ
մեր
միտքերը:
Մնամ
յարգանօք
Ազգ.
Երեսփոխան`
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ