Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

277. [ԶԱՒԷՆ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻՆ]

[Կ. Պոլիս], 11/24 ապրիլ 1914

Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայր,

Ստացայ Ձեր Բարձր Սրբազնութեան 9/22 թուականի նամակը եւ անոր կցուած թուղթերը:

Ձեր Ամենապատուութիւնը գիտէ որ իր կողմէ ինծի յանձնարարուած ամեն աշխատութիւն սիրայօժար կը կատարիմ. բայց այս օրերս առողջական վիճակս խիստ վատթարացած է եւ բժիշկները բացարձակ հանգիստ պատուիրած են: Ուստի կը ցաւիմ որ չի պիտի կրնամ ծառայել այս գործին:

Մնամ խոնարհ որդի

Գ. ԶՕՀՐԱՊ