Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

275. ԱՐՇԱԿ ՉՈՊԱՆԵԱՆԻՆ

Բերա, 18/31 յունուար, 1914, ժամը 4

 

Սիրելի բարեկամս,

Այսօր այս ժամուն, Հայկական բարենորոգումներու պայմանագիրն ստորագրուելու վրայ է Բ. Դռան եւ Ռուսիոյ դեսպանատան մէջ:

Նամակիդ պատասխանն ուշացուցի դիտմամբ, որպէսզի այս աղուոր լուրով զարդարեմ զայն եւ ուրախացնեմ քեզի որ այսքան տարիներէ ի վեր մեր դժբաղդ դատին նուիրեր ես կեանքդ ու տաղանդդ:

Շունչ մը առնենք. երկար շունչ մը. վայրկեան մը աւելի մեծ բան մը ակնկալելու ալ ելանք. վայրկեան մըն ալ ամեն ինչ կորսնցուցինք, երկիւղով տառապեցանք. ո՛չ մին եղաւ, ո՛չ միւսը. բան մը ձեռք բերինք, կարեւոր բան մը անժխտելիօրէն. Եւրոպայի հսկողութեան մուտքը ձեռք բերինք Հայաստանի մէջ:

Այս է իսկական եւ մեծ արժէքը մեր գործին: Շահ ու զէնի հաշիւ մը ընեմ.

Շահեցանք.

1. 10 տարուան համար պետութեանց հաճութեամբ անուանուած երկու եւրոպացի Ընդհ. քննիչ (իրօք գործադիր իշխանութեան գլուխ) ամեն ճիւղի ընդարձակ իրաւասութիւններով. որ վարչական, արդարութեան եւ ժանտարմընիին եւ բօլիսին վրայ իշխանութիւն պիտի ունենան:

2. Մեր լեզուի գործածութիւնը պաշտօնատանց եւ դատարաններու մէջ:

Ժողովներ.

3. Առժամանակեայ համեմատական մասնակցութիւն աթոռներուն համար` սկսեալ մինչեւ որ մարդահամար կազմուի, կէս առ կէս Վանի եւ Պիթլիսի վիլայէթներուն մէջ. միւս 4 վիլայէթներուն մէջ համեմատական` արդի մարդահամարի համաձայն, բայց պայմանով որ անոնց մէջ Հայոց թիւերը սրբագրուին. մեր առաջնորդարաններու տալիք ցուցակներու համեմատ եւ մէկ տարուան մարդահամարի գործողութիւն չըլլայ. Էրզրումի մէջ ալ կէս առ կէս։

Պաշտօններ.

4. Հանրային բոլոր պաշտօնները կէս առ կէս, բայց կարելիին սահմանով. նոյնպէս ոստիկանութիւնը եւ բօլիսը:

5. Հողային հարցի կարգադրութիւն Եւրոպայի [ընտրած] քննիչի հսկողութեան տակ:

6. Կրթական տուրքին մեր բաժինը` համեմատութեամբ ոչ թէ մեր թիւին, այլ մեր վճարած տուրքի քանակին:

7. Համիտիէներու` կանոնաւոր բանակի կանոններուն ենթարկումը. միայն մէկ տարի զէնքի տակ մնալնին, Հայոց ալ հոն մտնելը` եթէ կամին եւ այլն:

Կորսնցուցինք.

1. Հայկական բոլոր վիլայէթներէն մէկ հայկական նահանգ մը կազմելը եւ ասոր հետեւանքն ըլլալով մէկ Ընդհ. Ժողով եւ մէկ Ընդհ. Կառավարիչ ունենալու ձեւը:

2. Մշտնջենական հանգամանքն Ընդհ. Կառավարիչի, պետութեանց հաճութեամբը, անուանումին:

Առաջին կորուստը սկիզբէն ի վեր աչքի առջեւ ունէինք. երբոր մեր ծրագիրը պատրաստեցինք. ես միշտ դիտել տուի որ Դուռը երբեք չի պիտի հաճութիւն տայ Մեծ Հայաստան մը կազմելու ծրագրին. ըսի որ անիկա վիլայէթները պիտի պահէ. ատիկա նախատեսուած էր: Ընդհ. Կառավարիչի տեղ` Ընդհ. Քննիչի անուանումը աւելի բառերու հետ խաղալ է քան թէ հիմնական փոփոխութիւն. վասն զի Ընդհ. Քննիչն ընդարձակ իրաւասութիւններ ունի եւ աւելի գործադիր իշխանութիւն է քան թէ քննիչ իշխանութիւն:

Եւրոպացի Ընդհ. Քննիչի պետութեանց հաճութեամբ միայն 10 տարուան համար անուանումը զմեզ վրդովելու հանգամանք չունի. անիկա Բ. Դուռը չխրտչեցնելու եւ սկզբունքը անոր ընդունիլ տալու համար մտածուած հնարք մըն է. այսուհետեւ հաստատուելիք դրութիւնը հետզհետէ աւելի եւս պիտի զօրանայ եւ երբեք չի պիտի նուազի, որովհետեւ այն facteurները [1], որոնք այսքանը մեզի ստանալ տուին, օրըստօրէ պիտի աւելանան. այդ facteurներն են. 1. Ռուսական պաշտպանութիւն. 2. Եւրոպական պաշտպանութիւն. 3. Տաճկական տկարացում եւ քայքայում. 4. Հայոց ներքին ոյժերուն համերաշխ գործակցութիւնը, Հայոց մտաւորական եւ տնտեսական զարգացումը եւ թիւով շատնալը:

Հայկական դատը շատ տագնապներ անցուց եւ շատ ելեւէջներ ունեցաւ. եթէ Պալքանեան պատերազմին անակնկալ յեղաշրջումը չըլլար, մենք աւելի մեծ արդիւնք պիտի ձեռք բերէինք. այդ յեղաշրջումը Հայկ. դատին վրայ խորապէս ազդեց. բայց tel guel [2] ստացուածը` մեծ բան է. մեզի կը մնայ միայն անոր rendementին [3] մեծ ըլլալուն աշխատիլ այսուհետեւ. rendement-ին սակն ատոր հետ կապուած է: Ուրեմն ասկէ վերջն է որ խոհեմութեամբ, լռութեամբ, հեռատեսութեամբ աշխատելու ենք. Հայկական հարցն այսօր իր գործնական շրջանին մէջ ոտք կոխեց: Ստացածնիս որոշ ժամանակամիջոցի մը համար է միայն, եւ անիկա մեր մշտնջենական ճակատագիրը չի ճշդեր. խաղաղ զարգացումի étape [4] մը ապահովեցինք. ոչ աւելի, ոչ պակաս:

Եթէ մտածենք զայն ձեռք բերելու համար մեր տրամադրած միջոցներուն եւ պարագաներուն, որոնց մէջ Հայկական հարցը թաւալեցաւ շարունակ, արդիւնքը խիստ գոհացուցիչ է:

Մէկ ոյժ մը միայն, որուն ես գոնէ անձնապէս եւ դուն ալ ինծի հետ փարած էի սկիզբէն ի վեր, 5 տարիէ ի վեր, ոյժ մը զոր երբ անդին բոլոր Հայերը կը հարուածէին, կը նախատէին, մենք կը փայփայէինք, ոյժ մը զոր յաջողեցանք հայոց պաշտպան դարձնելու, ատիկա ըրաւ ամեն բան. այդ ոյժը, ըսելու պէտք կա՞յ միթէ, Ռուսական պետութիւնն է:

Հարկաւ ատոր լծորդեցինք միւս պետութեանց համակրութիւններն ալ, բայց հիմը եւ իրականը Ռուսական պետութեան պաշտպանութիւնն էր եւ ատոր շնորհիւ ձեռք բերինք ամեն բան. ան է որ այսօր ալ կը խոստանայ ապագային աւելի ընդարձակել եւ հաստատուն ձեւի մը վերածել այսօր առնուած statutն [5]. մեր ողջմտութեան, Ռուսիոյ հանդէպ պահպանուելիք մեր մտերմական յարաբերութեան շնորհիւ այդ խոստումին իրագործումը պիտի ունենանք թերեւս շատ աւելի մօտիկ թուականի մը մէջ` 10 տարուան լրանալէն առաջ:

Միայն վախ մը ունիմ խիստ մեծ եւ ցաւ մը շատ խորունկ. այդ վախը այդ ցաւը սա է որ Պոլսոյ հայոց մէջ անիշխանական եւ խուժանավարական հոսանք մը ստեղծուած է եւ այդ հոսանքը զսպել կարելի չէ: Եվ սակայն ասկէ վերջը մանաւանդ, ազգին գործերը խոհեմութեամբ եւ հեռատեսութեամբ կառավարուելու կարօտ են. ո՞վ պիտի կառավարէ զանոնք: Մինչեւ հիմա սեւը ներս, ճերմակը` դուրս, վերջին 6 ամիսը անցուցինք եւ պետութիւններուն սա գաղափարը ներշնչեցինք որ մենք ներքնապէս շատ միացած, շատ discipliné [6] ազգ ենք: Հաւատացին ասոր եւ ասիկա մեծ տպաւորութիւն գործեց վրանին. կը վախնամ որ ասոր մէջ խաբուած ըլլալնին չզգան եւ մեզի ցոյց տրուած յարգանքն ու համակրութիւնը չի պակսի:

Քու յոբելեանիդ Յանձնաժողովը կազմելու համար նախնական խօսակցութիւններ սկսած եմ. ամենքն, գուշակելը դժուար չէր, սիրով կը պատասխանեն հրաւէրիս, ոմանք կը կանխեն զայն. ասիկա կը հաստատէ որ ես առանց գիտնալու թերեւս հանրային զգացումին թարգման եղայ եւ ոչինչ աւելի:

Չէրազին կամ ուրիշի յոբելեանին վրայ հիմա ժամանակը չէ մտածելու. պէտք է որ քուկինդ պանծալի բան մը ըլլայ. ե՞րբ պիտի կրնաս գալ. յառաջիկայ ամառ, թէ միւսին: Ես ատոր վրայ չեմ մտածեր բնաւ. յետոյ ո՞վ ըսաւ որ գալ ամառ չես կրնար գալ հոս. դեռ շատ մը ամիսներ ունինք, եւ դուն մանաւանդ մեր Հայկ. դատին բարեյաջող վախճանէն կազդուրուած, առանց խանգարելու առողջութիւնդ, պիտի կրնաս, վստահ եմ, որ պիտի կրնաս այս երկարէն ճամբորդութիւնը կատարել:

Ուրեմն ալ ուրիշ խօսք մտիկ չեմ ըներ եւ սիրով կը գրկեմ զքեզ.

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

Վեց ամսէ ի վեր այսօր առաջին անգամ ըլլալով ուրախ եմ:

Գ. Զ.


[1] Գործօն

[2] Այսկերպ, այնպէս ինչպէս

[3] Արդիւնք

[4] Փուլ

[5] Կարգավիճակ

[6] Կարգապահ