Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

140. [«ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻ» ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆԸ]

Կ. Պոլիս, 30 դեկտեմբեր, 1909

Յարգելի Տնօրէնութիւն Ազատամարտի

Ձեր այսօրուան թիւին մէջ Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր հրաժարականին առթիւ ինծի վերագրուած խօսքերը անհիմն են:

Հաճեցէք սոյն հերքումը ձեր թերթին մէջ հիւրընկալել եւ ընդունիլ իմ ջերմ համակրանքիս հաւաստիքը:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ