Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

122. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

Կ. Պոլիս, 5/18 օգս. 1908

Սիրելի բարեկամս,

Ստացայ նամակդ: Որքան կը բաղձայի որ հոս քովս ըլլայիր եւ ձեռք ձեռքի աշխատէինք եւ իրարու թեւ ու թիկունք ըլլայինք այն պարտականներուն առջեւ, որոնք զիս վախցնելու չափ ես դիւրաւ վախցողներէն չեմ մեծ են:

Մինակ, բոլորովին մինակ եմ հոս. եւ հարկադրուած` ուղղիչը դառնալու ոչ միայն ամեն մտքի ու սրտի կորովէ զուրկ, այլ նաեւ ամենէն գռեհիկ ու ստորին ունակութիւններով խաթարուած այս տեղի հայերու զանգուածը շարժման մէջ դնելու համար:

Տաղանդով, նկարագրով ու զարգացմամբ մեր ազգին պատիւ բերող երեսփոխաններ գտնել եւ ընտրել` նեխած ու ապականած դիակէ մը կենսատու հիւթ մը փնտռելու կը նմանի: Ես ապերախտ վաստակին մէջ կը տառապիմ. օրագրիս գալով` որ ասկէ վերջը մեր թուրքահայոց կեանքին մեծ levier [1] պիտի ըլլայ, քու աջակցութիւնը թանկագին է եւ եսասէր տեսակէտով մը անոր համար որ մեր գրական esthéiqueին [2] մերմնացող էն պայծառ դէմքն ես:

Այսօր ստացայ “Trouvères armèniens”, “Poèmes” եւ “Massacres d’Armènie” հատորները, կ՚սպասեմ միւսներուն եւ մանաւանդ անհամբերութեամբ կ՚սպասեմ յօդուածներուդ:

Բանաստեղծութեանց ֆրանսերէն թարգմանութեանց մասին եղած արդար գովեստներն ու գնահատումները այստեղի ֆրանսական եւ հայ մամուլին մէջ ես հրատարակել կուտամ. ատիկա ամեն գրչի վաստակաւորի անկապտելի իրաւունքն է: Հոս թուրք գրական մարդերու plèthore [3] կայ, բայց յայտնի հեղինակութիւնները ու տաղանդները դեռ ճշդուած չեն. այսօր բարձրացող միւս օրը կը խոնարհի, կը տապալի կոր. սպասենք ամիս մը:

Անտարակոյս գիրքերդ կրնան Տաճկաստան մտնել. եւ Անահիտդ բաժանորդներու գոհացուցիչ թիւ մը պիտի ստանայ իսկոյն. Նոր Օրս իրեն պատիւ պիտի սեպէ ծաւալելու համար զայն:

Լաւագոյն գրավաճառը այն է որ թէ՛ գիրքերուդ, թէ՛ Անահիտիդ հոգովը զբաղի՞. շաբաթէ մը միայն կրնամ պատասխանել. պէտք է որ պզտիկ քննութիւն մը ընեմ:

Թէ որ կը ներես` առաջարկութիւն մըն ալ պիտի ընեմ. այս մեծ յեղափոխութեան առթիւ որ հայոց ու թուրքաց մէջ տեղի ունեցաւ եւ որ անկեղծ խանդավառութեանց ամեն հաւաստիքը ունի, կ՚արժէ որ դուն ալ ձայնդ լսեցնես ու այն շքեղ յօդուածներէդ մին գրելով որոնք անանկ դարագլուխի մը առջեւ բարձրացող յիշատակարան մը կազմէ եւ լուսաւորէ այն նոր ճամբան որուն մէջ այսուհետեւ պիտի քալենք թուրքաց հետ, փոխադարձ յարգանքով ու փոխադարձապէս իրաւունքներնիս, պարտքերնիս եւ արժանիքնիս ճանչնալու հիման վրայ:

Խրկած 3 հատորիդ վրայ գին չի կար նշանակուած, բայց միւսներն ալ հարկաւ պիտի հասնին եւ կը յուսամ անոնց վրայ գտնել գիներուն ինչ ըլլալը: Հիմա ուշադրութեամբ դիտելով` գտայ գիներնին եւ ներփակեալ կը խրկեմ անոնց փոխարժէքը mandat posteով [4]:

Կը համբուրեմ զքեզ

Գ. ԶՕՀՐԱՊ



[1] Լծակ

[2] Գեղարուեստ

[3] Առատութիւն

[4] Փօստային փոխանցում