Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

271. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

Բերա, 17 նոյեմբ., 1913, երկուշաբթի

 

Սիրելի բարեկամս,

Այս վայրկեանիս Պ. Շահմուրատեան, որուն հետ թէյ կ՚առնէինք, թելադրութիւն մը ըրաւ ինծի որ ես ինքնաբերաբար չի յղանալուս համար ամօթով եմ. այն է` քու գրական եւ ազգային կրկնապէս գեղեցիկ գործունէութիւնդ տօնել յոբելեանական հանդէսով մը:

Իմ արդարացումս սըւոր մէջն է որ ես զքեզ միշտ երիտասարդ նկատած եմ, թէեւ տկար յաճախ` առողջութեան տեսակէտով, երիտասարդ` տաղանդովդ եւ առոյգովդ. ի՞նչպէս կ՚ուզէիր որ յոբելեանդ մտածէի: Եւ սակայն իրաւ է որ գրեթէ քառորդ դար մը անցաւ այն օրերէն, այն յաւէտ անցեալ եւ անդառնալի օրերէն ի վեր, ուր այստեղ սկսար մեր պզտիկ խումբին մէջ դուն` կրտսերը մեր ամենուն, առաջին դէմքն ըլլալ ու պարտաւորել զմեզ, ծափերու սպասողներս, որ մենք զքեզ ծափահարենք:

Որքա՜ն շուտով տարիները անցան, սահեցան, ի՜նչ եղեռնական պատահարներ անցան մեր վրայէն, ի՜նչ յոյսեր եւ ի՜նչ յուսախաբութիւններ. մենք հոս տաժանքին մէջ ապրեցանք, դուն հոդկէ մեզի պէս, մեր ցաւովը տառապեցար:

Միսմինակդ ըրիր ինչ որ շատեր միացած չէի՛ն կրնար ընել. մինա՛կդ սարե՛րն ալ մինակ կ՚ըլլան գրական վաստակդ միշտ ազգային կեանքովը առլցուն, որքան արուեստական կատարելութեամբ ճոխացած, վաստակեցար:

Եվ ինչ որ ամենէն յարգելին է քու աշխատութեանդ մէջ դուն հիանալի երկիւղածութեամբ մը նուիրեցիր ինքզինքդ փշրանքներն ու նշխարները հաւաքելու մեր գրական անցեալին` ճիշդ անոր որ ամենէն մոռցուածը ու լքուածն էր:

Բայց ես քու ներբողներդ ընելու չեմ. թէ որ ողջ մնամ` կ՚արտասանեմ ու կը թուեմ զանոնք պէտք եղած բեմէն. իմ ըսելիքս սա է որ իսկոյն փարեցայ, ցնծութեամբ փարեցայ զքեզ, քու տաղանդդ եւ քու հայկական սիրտդ առնելու սխրալի գաղափարին:

Ուստի հոս մասնախումբ մը պիտի կազմեմ քեզ սիրողներէն ու քու վրադ հիացողներէն, որոնք շա՜տ են, իսկոյն գործի պիտի ձեռնարկեմ: Կը խնդրեմ որ ինծի հասցնես, միայն մտերմաբար, կենսագրական ծանօթութիւններու հետ գրական ասպարէզին մէջ մուտքիդ մասին որոշ տեղեկութիւններ զորս առանց քեզի թերեւս չեմ կրնար դիւրութեամբ հաւաքել:

Սիրով կը գրկեմ զքեզ

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

 

Յ. Գ. Մեր դժբաղդ դատին համար կ՚աշխատիմ գիշեր ու ցորեկ Աստուած օգնէ անոր, քանի որ մարդիկ կը հեռանան անկէ նորէն:

 

. Զ. ]