Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

302. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

Հալէպ, 29 յունիս [12 յուլիս], երկուշաբթի, 1915

 

Սիրական, մէկ հատիկ կինս,

Գլխուս եկած փորձանքին դէմ կը դնեմ կոր քաջութեամբ. դուն ալ քաջ եղիր, մի՛ շփոթիր, մի՛ վհատիր. զիս շրջապատող վտանգը մեծ է. զիս Պոլսէն Տիարպէքիր խրկողները զիս փճացնելու համար խրկեցին: Տիարպէքիրի մէջ զարհուրելի խստութիւններ եղած են եւ պիտի ըլլան. հոտկէ ողջ պիտի՞ ելլեմ. Աստուած գիտէ: Քանի որ անմեղ եմ եւ եթէ Խալիլ պէյ զիս պաշտպանէ, բայց իրօք պաշտպանէ, կ՚ազատիմ: Եթէ ոչ` մինակ անմեղութիւնը, շատ կը վախնամ, որ չի բաւէ: Խալիլ պէյը ի՞նչպէս, ի՞նչ աստիճան խօսք տուաւ. հեռագիրներդ այս մասին յուսատու են. բայց ես կը կասկածիմ. վստահելի գտա՞ր իր խօսքը. անպատճառ պիտի ազատիմ, ըսա՞ւ. եթէ այս մասին պատուոյ եւ հաստատ խօսք տուաւ` հեռագրէ ինծի` պէիւիւք քըզըմ րահաթ տըր [1]: Մէյ մըն ալ ջանալու է որ Տիարպէքիրի մէջ հսկողութեան տակ մնամ, բայց բանտարկուած չըլլամ. եթէ ոչ` վիճակս կը ծանրանայ. արդէն այդ քաղաքը պարսպապատ է, ուրեմն ինքնին բանտ մըն է. ասիկա հասկցուր Խալիլ պէյին. եւ եթէ պիտի կարելի ըլլայ` այդպէս հսկողութեան տակ զատ տուն մը բնակիլ տան, գոնէ զատ մէկ երկու սենեակ. եթէ խօսք տայ, հեռագրէ` Հերմինէ էյի ճէ տըր [2]:

Հոս շատ լաւ բժիշկ մը գտայ, տօքթ. Ալթունեան. զիս շատ լաւ խնամեց. եթէ ան չըլլար` լմնցած էի. Տիարպէքիրի համար ալ անկէ դեղ եւ հրահանգ պիտի առնեմ:

Թէեւ մինչեւ ցարդ խրկած հեռագիրներովդ եւ այսօր ստացած մէկ հեռագիրիդ մէջ Տիարպէքիրի մէջ փորձանքի չի հանդիպելիքս զգացնել կուտաս եւ զիս կը քաջալերես, եւ ես ալ ի հարկին թէեւ աչքս առած եմ երթալ, բայց որովհետեւ այդ կողմը երթալն իսկ վտանգաւոր է, չերթալու համար ալ աշխատութիւն խնայելու չէ: Ես բացի առաջին նամակէս երկու նամակ եւս խրկեցի Խալիլ պէյին. վերջինին մէջ քեզի ալ երկտող մը դրած էի տաճկերէն:

Բարեսիրտ գերմանացի մը մեզի գթալով ինքնաբերաբար թէ դեսպանին եւ թէ Կօլց փաշային կը գրէ կոր այսօր մեր մասին. դուք ալ զգուշութեամբ թէ՛ դիմումներ ըրէք եւ թէ ջանացէք արդիւնքը իմանալու։ Գերման դեսպանատան դիմումներուն տիկին Վարդգէսն ալ թող ընկերանայ:

Իթթիհատի շատ զօրաւոր անդամներէն Տօքթ. Նազըմ պէյին համար նամակ մը եւ պզտիկ mémoire [3] մը տաճկերէն կը խրկեմ. այդ mémoireէն քանի մը օրինակ հանեցէք, որպէսզի եթէ պէտք ըլլայ, ունենաք. մէկ օրինակ մը Խալիլ պէյին տուէք, բայց ջնջելով անկէ այն հատուածը որ իրեն ըրած հիւրընկալութեանս կը վերաբերի:

Իսկ Նազըմ պէյի համար խրկած նամակիս եւ անոր կցուած mémoireին իրեն տրուելուն մէջ օգուտ մը ըլլալը կամ չըլլալը` Տիլպէրէն, Հալաճեանէն եւ Նէճմէտտին Մօլլայէն հասկնալէ վերջը, եթէ օգուտ տեսնուի, այդ նամակը դուն երկու աղջիկներս առած կ՚երթաս կուտաս եւ կ՚աղաչես իրեն: Եթէ յուսալից եւ հաստատապէս յուսալից պատասխան առնես, հեռագիր կուտաս` սէնի տիւշինիրըզ [4]: Եթէ տեսնուելուն մէջ բնաւ օգուտ չի տեսնես` այդ նամակը չես տար:

Եթէ Ճաւիտ պէյը դառնայ` իսկոյն անոր ալ կը դիմես:

Ամենքնիդ կարօտով կը համբուրեմ: Ինծի համար աղօթք ըրէ:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

 

Վարդգէսին մասին Խալիլ պէյը ի՞նչ կ՚ըսէ կոր. եթէ անոր ալ պիտի աշխատի, Տիկինը թող հեռագրէ` Հուրիկ էյիլէշտի [5]:

Խաչատուր էֆէնտիի մէկ նամակն ալ զոր այսօր միեւնոյն յոյսը կուտար, կարդացի:



[1] Մեծ աղջիկս հանգիստ է։

[2] Հերմինէն էլ է լաւ։

[3] Յուշագիր

[4] Քո մասին ենք մտածում։

[5] Հուրիկը ապաքինուեց։