Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

106. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

[Բարիզ] [4] Յուլիս, 1908
Շաբաթ առտու, ժամ 8 1 / 2

Սիրական, աղուորիկ, քիթիկլի կնիկս,

Այս առտու Արշակին, Հերմինիս եւ քուկին երեքշաբթի օրուան նամակները առի: Չորեքշաբթի expressով [1] եկած նամակները կարելի է քիչ մը վերջը կ՚առնիմ:

Մահսուտ հաւատիսը [2], հասկցանք, ridicule [3] ապուշ խօսք մը, զրպարտութիւն մը. ատանկ բանէ չեմ վախնար. բայց պարապ ձգելու չէ: Արշակին պէտք եղածը գրեցի, նորէն հոս չի կրկնեմ: Միասին ինչ որ պէտք է նէ ըրէք:

Գործիս վրայ պզտիկ, շատ պզտիկ, ամմա շատ պզտիկ յոյսի նշոյլ մը սկսաւ, թէ որ իրականանայ նէ հարկաւ գոհ կ՚ըլլամ: Բայց սա ըսեմ որ պարապ ելլէ նէ (ես պարապ ելածէն կը յարմարիմ, միշտ) հոգս չի պիտի ընեմ:

Ալ քար կտրեցայ. բնաւ բան մը հոգս չեմ ըներ. քու եւ զաւակներուս առողջութիւնը պէտք է: Խենթ եմ որ ասանկ անգին գանձեր ձեռքիս մէջ, քովիկս ունիմ եւ ինքզինքս աշխարհքիս է՛ն դժբաղդ մարդը կը համարիմ: Իրաւ կ՚ըսեմ կոր: Չեմ ամչնար մի՞թէ. ուտելու հաց միշտ կը գտնեմ: Իմ սիրեկաններս, Աստուած չընէ եթէ կորսնցնեմ նէ, ասոնց գլուխը ցաւի նէ, ան ատեն կը լմննամ, կը մեռնիմ:

Հոգ մի՛ ըներ, անուշիկ սիրականս, մենք որչափ որ զաւակովնիս ողջ ենք, առողջ ենք, սիրով ենք, մենէ երջանիկը չըլլար: Ասոր յարգը գիտնանք: Ես որոշեցի ասիկա աչքէս չի հեռացնել: Դուն ալ ասանկ ըրէ եւ մի՛ տրտմիր, մի՛ լար:

Երէկ jardin d՛acclimatationը [4] գացի: Կենդանիներ կար ամեն երկիրներէն, մանաւանդ թռչուններ: Բայց ի՜նչ գոյներ, ի՜նչ աղուորութիւններ. rue de la Paixէն մօտիստները ասոնցմէ կուգան կոր իրենց ան աղուոր գոյներու mélangeները [5] գտնել:

Երկու ժամ քալեցի հոն, բայց վերջ ի վերջոյ ինքզինքս յոգնած զգացի. աղուոր ատեն անցուցի:

Շատ պաչիկներ աչուկներուդ (1 ա. ), ամեն կողմիդ:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

 



[1] Ճեպընթաց

[2] Ծանօթ (յայտնի) լուրերը (թրք. )

[3] Ծիծաղելի, անհեթեթ

[4] Կենդանաբանական, բուսաբանական այգի

[5] Խառնուրդ