Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

103. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

[Փարիզ], 3 յուլիս, 1908, ուրբաթ

Սիրեկանս, մէկ հատիկ, անուշիկ, չի գտնուած գանձս, կնիկս, հոգիս,

Այս առտու երկուշաբթի իրիկուան նամակդ առի: Գիտեմ որ սիրտդ շատ սեղմուած է, բայց համբերէ եւ մի՛ տրտմիր:

Երէկ ճաշէն ետքը օթէլ դառնալուս նոր լուսինը տեսայ. աչքս գոցեցի, երեք անգամ վրայէ վրայ քուկին անուշիկ երեսդ եւ զաւակներուս սիրական դէմքերը աչքիս առջեւ բերի եւ յետոյ աչքս բացի:

Այս լուսինը աղէկ ամիս մը պիտի տայ մեզի, խօսքիս նշան դիր:

Ես միշտ սա Թ. պէյին տալիք լուրին կ՚սպասեմ. բայց ալ վարժուեցայ. ինչ գէշ բան ալ ըլլայ` հոգս չի պիտի ընեմ: Վաղը գիրքերը կ՚առնէք եւ երբոր այս նամակս ձեռքդ հասնի` ամեն պէտք եղածը արդէն ըրած կ՚ըլլաք: Տօքթէօռ Մատթէոսեանին մարդավարութեանը շատ շնորհակալ եմ. ընծաներ բերելու չեմ մոռնար:

Շատ-շատ անհատնում պաչիկներ:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

Կարծեմ թէ մինչեւ գալ շաբաթ հոս մնալու պիտի պատրաստուիմ:

Գ. Զ.