Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

304. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

Հալէպ, 2/15 յուլիս, 1915 հինգշաբթի ցորեկ

 

Սիրական, մէկ հատիկ, հոգիս, կեանքս,

Մենք կը յուսայինք որ 10 օր մը եւս հոս պիտի մնանք եւ թերեւս Տիարպէքիր երթալէ ազատ մնայինք, այս վերջին յոյսը շատ տկար էր թէեւ: Քենէ ստացած հեռագիրներս եւ Խաչատուր էֆէնտիին` հօրը գրած նամակները Տիարպէքիր երթալու անհրաժեշտութիւնը հասկցուցեր էին մեզի:

Հիմա ոստիկանութենէն լուր տրուեցաւ որ շաբաթ առաւօտ ժամը 7ին պէտք է մեկնիլ. 4 ժամ երկաթուղիով, յետոյ 7 ժամ կառքով. շաբաթ գիշեր Ուրֆա պիտի հասնինք. անկէ անդին ալ կառքով 4 օր է. 2 օր մինչեւ Սեւէրէկ եւ 2 օր ալ Սեւերէկէն Տիարպէքիր: Եթէ անընդհատ ճամբորդենք, հինգշաբթի (եթէ որ Աստուած ուզէ) կրնանք Տիարպէքիր հասնիլ. հասածիս պէս հեռագիրով կ՚իմացնեմ:

Հիմա, սիրական կինս, ա՛լ վերջին վարագոյրը կ՚սկսի մեզի համար. հաւատալս չի գար որ Խալիլ պէյը ամեն երախտիք մոռցած ըլլայ եւ օգնութեան չի հասնի. ուստի յոյսս իր վրայ է, մէյ մըն ալ անմեղութեանս, բայց այս միջոցին անմեղութիւնը ստակ մը չարժեր:

Ասկէ առջի նամակիս մէջ ալ գրած էի որ նախ այս փորձանքէն ու վտանգէն ազատուիլս` այդտեղէն մեր մասին հաստատ եւ զօրաւոր պաշտպանութիւն ցոյց տրուելով, ազդեցութիւն ի գործ դրուելով միայն կարելի է: Պէտք է խնդրել որ մէնը մուհաքէմէյով [1] զմեզ ազատեն: Ասոր համար վայրկեան կորսնցնելու չէ: Վասնզի այս նամակս (եթէ հնար ըլլայ ապահով ձեռքով մը քեզի խրկել) այս երեքշաբթի չէ, գալ երեքշաբթի կը հասնի քեզի:

Ինչպէս ասկից առջի նամակիս մէջ ալ գրած եմ, եթէ Խալիլ պէյը զիս փրկելու պատուոյ եւ անկեղծ խօսք տայ եւ անմիջապէս ձեռնարկէ պէտք եղածը ընելու` պէիւիւք քըզըմ րահաթ տըր [2] ըսելով հեռագիր մը տուր:

Նոյնպէս հո[ն] սովորական բանտի մէջ չի մնալու եւ կամ օթէլի մէջ, եթէ հնար չէ, յատուկ սենեակ ունենալու շատ պէտք ունիմ. այս մասին ալ անմիջական կերպով աշխատէ, բնականապէս հիւանդութիւնս է այս շնորհը խնդրելու պատճառը, հիւանդութիւն` որ ափսո՜ս պաշտօնապէս հաստատուած է:

Տիարպէքիրէն եւ ուրիշ տեղերէ առնուած լուրերը աղէկ չեն. յետոյ շատ խիստ պատիժներ տրուելու եւ գործադրուելու լուրերն ալ կ՚առնենք կոր. Տիարպէքիրի մէջ ալ ի՞նչ պիտի պատահի, Աստուած գիտէ:

Ասկէ վերջը ալ ինէ գիր չի պիտի ստանաք. եթէ ողջ մնամ` շաբաթը անգամ մը հեռագիր կուտամ:

Իմ ի՛նչ վիճակի մէջ ըլլալու մասին բացատրութիւն չեմ տար, որպէսզի քու քաջութիւնդ ալ չի կոտրեմ: Երկու անգամ է որ նոր լուսինը կը տեսնիմ եւ զքեզ ու զաւակներս աչքի առջեւ կը բերեմ եւ կը համբուրեմ. երրորդ լուսինին ալ այդպէս պիտի՞ ըլլայ արդեօք: Վտանգի մէջ եմ. աշխատէ՛, շա՜տ աշխատէ (ես այնպէս կը հաւատամ որ Տիարպէքիրի մէջ քննութիւն, դատաստան եւ այլն շուտով պիտի կատարին եւ ամեն բան լմնցնեն, fait accompli [3] ընեն. ասիկա գիտցած եղիր. եթէ բարեկամ մնացած է դեռ` ամենէ խորհուրդ առ):

Եթէ Տիարպէքիրի վիճակս վտանգաւոր տեսնեմ, կը հեռագրեմ` քեզի` փարաեա լիւուզումում վար [4]. եթէ խիստ վտանգաւոր տեսնեմ` փարաեա չօք լիւուզումում վար [5]:

Աւելի գրելու ոյժ չունիմ. թէ որ ողջ չի մնամ, զաւակներուս վերջին պատուէրս եւ կտակս է որ միշտ սիրով ըլլան իրարու հետ, զքեզ յարգեն եւ սիրտդ չի ցաւեցնեն եւ զիս ալ յիշեն: Եթէ մեռնիմ` ունեցածէս 2000 ոսկի բարեգործական նպատակի մը հատկացուցէք:

Ամենքնիդ կը համբուրեմ

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

 

Հալէպ մնացած 22 օրերնիս այս պանդոկին մէջ բնակեցանք:

Grand Hôtel Restaurant Rod-Elfaradj Ahmed Loutfi Zehné-Alep (Syrie).

 



[1] Առանց դատավարութեան։

[2] Մեծ աղջիկս հանգիստ է։

[3] Կատարուած փաստ

[4] Դրամի պէտք ունեմ։

[5] Դրամի շատ պէտք ունեմ։