Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

127. [«ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆԻ» ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆԸ]

[Կ. Պոլիս, հոկտ. 20/2 նոյեմբ. 1908]

Շաբաթ օրուան Բիւզանդիոնի մէջ` Ազգ. Ժողովոյ նիստին նկարագրութեան առթիւ ըսել տրուեր էր ինծի խօսք մը, զոր արտասանած չեմ կամ աւելի ճիշդն ըսելով, հակառակն յայտնած եմ: Ես չըսի բնաւ, որ Օրմանեան Սրբազանին վրայ եղած ամբաստանութեանց նախնական քննութիւնը փութացուի, որպէսզի անոր անունին արատը փարատուելով կարողանայ իր կաթողիկոսական ընտրութիւնն յաջողցնել: Չեմ գիտեր որ այդ քննութիւնն ի՛նչ արդիւնք պիտի տայ. ես արդարութեան, ճշմարտութեան եւ օրինապահութեան կուսակից եմ ամեն առթիւ. ինչպէս նաեւ հայ Պատրիարքի մը Հայ Ազգին դէմ դաւաճանած ըլլալու ամբաստանութեան մը պէս դժնդակ պարագային մէջ: Պիտի յաջողի՞ այս եկեղեցականն ինքզինք արդարացնել, չեմ գիտեր, որովհետեւ գուցէ իբրեւ դատաւոր կոչուիմ օր մը վճիռ արձակելու իր մասին. կ՚զգուշանամ օրինական ձեւերէ դուրս կանխակալ կարծիք մը կազմելու եւ յայտնելու: Բայց յամենայն դէպս այս կերպ ծանրակշիռ ամբաստանութեանց կուտակումին մէջ տարօրինակ եւ անխորհուրդ կը գտնեմ իր կողմէ կաթողիկոսական թեկնածութիւն մը. ըլլա՛յ այդ յայտնի կամ ծածուկ ձեւերով:

. ԶՕՀՐԱՊ]