61.
ԱՐԱՔՍԻ
ԳՐՄԸԶԻՆ
Երկուշաբթի
Սիրելի
Արաքսիս,
Քեզի
շատ
գրելիքներ
ունիմ,
բայց
հիմա
ատենը
չէ:
Միայն
լսեցի
որ
հիւանդին
պէտք
եղածին
չափ
զգուշութիւն
չես
ըներ
կոր:
Այս
նամակս
ատոր
համար
կը
գրեմ
կոր:
Ասանկ
յիմարութենէ
անմիջապէս
ետ
կեցիր:
Բարեկամութիւնը,
փափկութիւնը
աղէկ
բաներ
են,
բայց
այդ
աստիճան
անձնազոհութիւնը
անտեղի
է:
Օր.
Աստինէին
եւ
տիկին
Տոլէոտօին
ինէ
բարեւ
ըրէ,
M-e
Գրմըզին
ալ
բարեւներս
հաղորդէ:
Ես
ալ
քեզի
պաչիկ
կ՚ընեմ:
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ