Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

247. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

Չէքէրկէ, [24 յուլիս, 1912], երեքշաբթի առտու

 

Անուշիկ, մէկ հատիկ Գլառաս,

Դատավարութիւնը երէկ լմնցաւ, բայց որոշում եւ վճիռ չի տուին դեռ. քանի մը օր պիտի մտածեն: Աղուոր պաշտպանողական ճառ մը խօսեցայ. ամենուն բերանը բաց մնաց:

Կարծեմ թէ իմ պաշտպանած մարդիկս պիտի ազատին եւ անով շատ մը ուրիշներ ալ:

Թէվֆիք պէյը եկաւ. աղէկ ըրեր, խրկեր էիր. բոլորովին մենակ էի. կարելի է մինչեւ վճիռ տրուելիք օրը մնամ: Շատ մը պաչիկներ քեզի եւ տղոց:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ