Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

221. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

[Լոնտոն], 16 սեպ. 1911, շաբաթ առտու, ժամը 6

Անուշիկ կնիկս,

Երէկ գիշեր երեքշաբթի օրուան նամակդ առի. իբրեւ թէ իմ մտմտուքներս ինծի չեն բաւեր, դուն ալ քու շիրին ճիլվէներովդ ինծի մինչեւ այստեղ ետեւէս հասնիս կոր:

Քեզի հողէ բլուր պէտք է եղեր, վիլլա շինիմ նէ` ուրիշ անուն դնելու եմ եղեր, իմ առողջութիւնս ուրիշի պէտք է եղեր:

Ասոնք շատ շատ լսեցինք: Ասոնց ո՛չ համը մնաց, ո՛չ հոտը: Իմ քեզի դէմ ցուցուցած gentillesseներուս [1] դէմ 2000 քիլոմեթրօ հեռուէն նորէն ատ տգեղ խօսքերը կրկնելուդ անուն մը տալ չեմ ուզեր:

Արդէն սովորութիւնդ է որ է՛ն նեղուած վայրկեանիս ինծի désagreable [2] ըլլալու աշխատիս: Ինչ է նէ, ատ խօսքերը տեղաւորցնելու համար անչափ մէրագ ըրեր ես որ նամակի թուղթերուն չի գրուած մէկ հատն ալ գրածներուդ խառներ ես. ահաւասիկ ես ալ ատոր վրայ այս պատասխանը կը գրեմ կոր: Շատ կ՚աղաչեմ որ կամ բնաւ նամակ չի գրես, կամ սա ճիլվէներէն վազ անցնիս, վասն զի անհանգիստ եմ, հիւանդ եմ, մտմտուքներ ունիմ, ալ խամզին ետեւէս մինչեւ Լոնտրա հասցնելու պէտք չի կայ: Հարկաւ քանի մը օրէն Պոլիս պիտի գամ, հոն բերանացի ատոնք բոլորը կը զուրցես եւ եթէ ամիսէ մը ի վեր չի զուրցելուդ համար լեցուեցար նէ` օրը տասը անգամ կը կրկնես եւ կը հանգստանաս:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

Այս առտու ժամը 10ին Հերմինը եւ Արաքսին կը մեկնին ասկէ: Իմ որչափ մնալս յայտնի չէ. կարելի է որ երկուշաբթի մեկնիմ, կարելի է մնամ: Պարտաւոր եմ Միւնիխ երթալու շուտով գործի մը համար: Եթէ ասկէ շուտ մեկնիմ` Բարիզ կ՚երթամ եւ չորեքշաբթի իրիկուան Orient Expressով Հերմինիս մինչեւ Միւնիխ կ՚ընկերանամ:

Գ. Զ.

Արշակը Ազատամարտին թող երթայ եւ Վռամեանին քրոջ adresse Միւնիխ թող խրկէ poste restante։

 



[1] Սիրալիրութիւն

[2] Տհաճ