104.
ԿԼԱՐԱ
ԶՕՀՐԱՊԻՆ
[
Բարիզ],
3
յուլիս,
1908,
ուրբաթ,
ժամ
3
Սիրական,
անուշիկ,
չի
գտնուած
աղուոր
կնիկս,
Դուն
կ՚ուզես
ինծի
խենթ
ըսէ,
կ՚ուզես
խելօք:
Ես
շիտակը
զուրցեմ:
Գիտե՞ս
որ
սա
վիճակիս
մէջ,
գործերուս
մտմտուքիս
մէջ,
նեղութեանս,
բարկութեանս
մէջ
քանի
մը
օրէ
ի
վեր
ամենէն
եւ
էւել
զիս
տանջող
բանը
ի՞նչ
է:
Գիտցիր
տեսնեմ:
Քեզ
կարօտնալս.
ա՛յս.
հիմա
ամենէն
էւել
ինծի
պակսող
բանը
դուն
ես.
զարմանալի
բան.
ամեն
վայրկեան
ինծի
անանկ
կուգայ
որ
յանկարծ
սենեակիս
դուռը
պիտի
զարնես,
ներս
պիտի
մտնես:
—
Գիրգո՛րս,
իշթէ
եկայ,
ըսելով:
Ու
դուռս
զարնուելուն
սիրտս
կը
ցատկէ
տեղէն,
մանաւանդ
առտուները
կամ
գիշերները.
մինչեւ
որ
խելքս
գլուխս
ժողվեմ,
ուր
ըլլալս,
Բարիզի
մէկ
անկիւնը
նետուած
ըլլալս
յիշեմ,
նախ
քու
դէմքդ
պիտի
տեսնիմ,
ձայնդ
պիտի
լսեմի
յոյսը
կ՚ունենամ,
յետոյ
կամ
valet
de
chambreը
[1]
կ՚ելլայ
դէմս
կամ
facteurը
[2]
ու
տըըս
տէյի
տեղս
կը
նստիմ:
Բայց
մխիթարութիւն
մը
ունիմ
նէ
ան
ալ
սա
է
որ
ասոր
վերջը
մօտ
է:
Ես
վաղը
հոսկէ
մեկնելու
միտք
ունէի,
ինչպէս
որ
գրեցի:
Բայց
սա
Թ.
պէյին
մահսուտ
լուրը
գայ
պիտի
դեռ.
ես
ալ
անոր
համեմատ
միջոց
պիտի
խորհիմ:
Ինչ
է
աս
նամակը,
գործի
նամակ
չէ.
գութէի
նամակ
է
սիրական
կնկանս:
Շատ
մը
ամեն
կողքդ
կը
պագնեմ
պուգիկդ
ալ
հետը.
գամ
նէ
խածնեմ
մեռցնեմ
պիտի:
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ