Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

113. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

[Բարիզ], 14 յուլիս, 1908, երեքշաբթի իրիկուն ժամը 1 1 / 2

 

Սիրական մէկ հատիկ հոգիս,

քաջութիւն,

Հիմա բանսիօնիս սեղանէն ելայ. խումբ խումբ մարդիկ, գրեթէ առանց բացառութեան ամերիկացի կամ անգլիացի ընտանիքներ, էրիկ, կնիկ, զաւակներնին մէկտեղ: Սենեակս ելայ ճաշս լմնցուցածէս, քիչ մը սիրականիս հետ խօսելու համար:

3-4 ժամ գացեր էի Շանզ Էլիզէին աթոռի մը վրայ անցնողները դիտելու եւ ինքզինքս մոռնալու համար. հիմա քեզի հետ խօսիմ, անուշիկս:

Այն գիշեր լուրը, որ arrêtez [1] հեռագիրը տալ տուաւ, երէկ առիր անշուշտ: Թ. պէյը կիրակի վեր գնաց, տեսնուեցաւ եւ իրեն ո՜վ գիտէ ինչ ըսին: Ըսի՞ն արդեօք հաւանականաբար որ իմ վրաս նետուած զրպարտութիւնը դեռ իր ազդեցութիւնը չի կորսնցուցած կամ սաստկացած է: Միշտ ես է՛ն գէշը կը մտածիմ: Բայց ի՞նչ փոյթս, քանի որ իրաւ բան մը չի կայ, քանի որ վախնալու տեղի չունիմ, ինչո՞ւ կենամ հոս տեղ. ի՞նչ պիտի ընեն զիս եւ ի՞նչ ընելու իրաւունք ունին: Ես վախու բան չունիմ: Անոր համար շատ մը խորհելէ, չափել ձեւելէ վերջը մտքի հանդարտութիւնս գտայ: Միայն սպասեմ որ գործին ի՛նչ ըլլալը աղէկ մը ստուգելու համար:

Ժուրնալ դէ դէպայի պէս լրագրի մը յօդուածէն օգուտ մը չի քաղուելէ զատ arrêtez տէյի հեռագիր առնելս իրօք զարմանալի էր:

Թ. պէյ ամեն բան պիտի հասկցներ եւ հինգշաբթիէն առաջ պատասխան եւ լուր մը չեմ կրնար առնիլ, ըսեր էր. հինգշաբթի չէ գացեր, կիրակի կրցեր է երթալ եւ տեսնուելիք անձէն ոչ միայն աղէկ լուր չէ առեր, այլ գէշ լուր առեր է: Ասիկա երկուք երկուք ալ չորս կ՚ընէի պէս պայծառ կերպով կը տեսնիմ կոր:

Գիրքիս վրայօք զրպարտութիւն ըրի՞ն, սխալ բաներ հասկցուցի՞ն՝ չեմ կրնար ըսել. վասնզի գիրքս դեռ մարդու, մանաւանդ թշնամիի ձեռք չանցաւ որ ուզած կերպովնին վրան մուր քսեն: Արդեն Moniteur Orientalը Ժուրնալ դէ դէպային գրածը օրինակեր եւ հրատարակեր էր: Ասիկա ալ կրնայիք գործածել:

Աղէկ միտք դիր ըսածիս. եթէ թագաւորին ճշմարտութիւնը հասկցնելու համար մէկու մը ձեռքով բան մը գրել տալ պէտք է նէ` գլխաւոր երեք միջոց կայ. 1. Մուխթար պէյը տեսնիլ եւ հասկցնիլ եւ աղաչել որ թագաւորին գրէ. ազնիւ մարդ է, խօսք տայ` կ՚ընէ:

2. Թ. պէյին ձեռքովը Նազիֆ Աւրայի պէյին գրել տալ:

3. (1 ա. անձ. ) Էֆ. իին ձեռքով, որուն դուն կրնաս խօսիլ:

Ալ այսչափը կը բաւէ գործի վրայօք: Իմ սիրտս հանգիստ է հիմա: Սուտ չէ, Աստուած գիտէ, առտուան տրտմութիւնս, լացս փարատեցաւ. քեզ կը սիրեմ, ողջ առողջ ես, զաւակներս ալ ողջ առողջ են, ամեն բանի կը յաղթենք ուր որ ըլլայ` կը միանանք եւ միանալնուս պէս երջանիկ ենք: Այս երջանկութիւնը մարդ ձեռուընուս չի կրնար առնել:

Շատ շատ քիթիկդ, ամեն կողմդ կը պագնիմ:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ



[1] Մնացէք