Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

139. [«ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆԻ» ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆԸ]

Կ. Պոլիս, 23 դեկտեմբեր, 1909

Յարգելի Տնօրէնութիւն Բիւզանդիոնի,

Թուրք մամուլը Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր հրաժարականին առթիւ բոլորովին սխալ լուր մը հրատարակած է այսօր:

Իբրեւ թէ ես Ներքին գործոց նախարարին հետ ունեցած մէկ տեսակցութեանս մէջ յայտներ եմ, թէ Սրբազան Պատրիարք Հայրը տրամադիր է իր հրաժարականը ետ առնելու: Այս անհիմն է:

Կը խնդրեմ, որ այս երկտողը հյուրընկալէք ձեր թերթին մէջ եւ ընդունիք յարգանացս հաւաստիքը:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ