224.
ԿԼԱՐԱ
ԶՕՀՐԱՊԻՆ
[Լոնտոն],
16
սեպ.,
1911,
շաբաթ,
ժամ
5,
իրիկուան
Անուշիկ
կնիկս,
Չորս
ժամէն
Լոնտրայէն
կը
մեկնիմ
Բարիզ:
Կոտրեցի
թափեցի,
մէջէն
ելայ,
որովհետեւ
ալ
աւելի
հոս
կենայի
նէ`
պիտի
խենթանայի.
գոնէ
խելքս
վրայ
չի
տուի.
աս
ալ
բան
մըն
է:
Աս
բոլորին
հետ
մէկտեղ
սա
վերջին
նամակդ
ամենէն
էւէլ
զիս
նեղացուց.
չի
մտածեմ,
կ՚ըսեմ,
ձեռքս
չէ:
Գիտեմ
որ
դուն
ալ
զիս
բարկացնելու
համար
չես
ըներ,
բայց
ի՞նչ
օգուտ,
խօսք
ըսուած
բանին
մէջը
խօսողը
ինքզինքը
աչքի
առջեւ
բերելու
չէ.
լսողին
տեղը
դնելու
է
ինքզինքը,
անոր
վրայ
ինչ
ազդեցութիւն
պիտի
ընէ`
ատիկա
հաշուելու
է:
Նայէ
վերջին
անոյշ
խօսք
մը
գրելու
համար
սկսայ
նորէն,
ինքզինքս
չեմ
կրնար
կոր
զսպել:
Մոռնանք
ասիկա.
Լոնտրայէն
սրտնեղութեամբ
չի
զատուիմ:
Ապահով
եմ,
առածս
chambre
à
coucher-ս
շատ
պիտի
հաւնիս:
Հերմինին
ապսպրեր
էի
որ
քեզի
բան
չըսէ:
Բայց
մտածեցի
որ
յանկարծ
Պոլիս
կը
հասնին,
ես
ալ
կը
մոռնամ
գրելու
կամ
facturբը
կը
կորսնցնես:
Կատակ
ընենք,
ըսելնիքէն
մեծ
դժուարութիւններու
առջեւ
կը
գտնուինք:
Անոր
համար
այսօր
ասկէ
առաջ
գրած
նամակիս
մէջ
factureը
դրի.
նոյնպէս
Վիսպատէն
առած
tableauին
թուղթը.
առտուն
ալ
Արշակին
համար
կարասիներուս
factureը
եւ
մէյ
մըն
ալ
1
հովանոց
եւ
1
պասթօնի
թուղթ:
Աս
լմնցաւ:
Ահաւասիկ
ասկէ
կը
մեկնիմ
կոր:
Լոնտրա
հիմա
ամայացած
է.
շաբաթ
օրերը
ժամը
2էն
ետքը
ասանկ
է.
խանութները
գոց.
ին
ճին
թօփ
օյնար
[1]:
Ես
ալ
կը
փախչիմ
կոր
քիթիկիդ
պաչիկ
մը
խրկելով:
Խօսքս
խօսք
է.
գալ
տարի
միասին
պիտի
գանք,
պիտի
պտըտինք,
պիտի
զուարճանանք:
Հիմա
նորէն
պաչիկներ`
Գ.
Զ.
[1]
Դատարկութիւն
է,
մարդ
չկայ։