Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

96. ԱՐԱՄ ԱՆՏՈՆԵԱՆԻՆ

Փարիզ, 10 յունիս, 1908

Սիրելի բարեկամս Արամ էֆ. Անտոնեան,


Լոյս ին 22-րդ թիւը ստացայ:

Ոտանաւորիս երկրորդ տողին մէջ տպագրութեան սխալ մը կայ` որով թէ նշանակութիւնը եւ թէ չափը եղծուած է: Կ՚աղաչեմ որ ուղղէք. «Երթալով» չէ, «Երերալով» է:

Յանցանքը թերեւս գեղագրութեան դասերուն պէտք եղածին [չափ] հետեւած չըլլալս է:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ