Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

290. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

29 մայիս [11 յունիս, 1915], ուրբաթ ցորեկ,
Գոնիա-Էրէյլի սթասիօնէն քիչ հեռու, Չայխանէ

Սթասիօնէն կը գրեմ այս տողերը սիրելի եւ դժբաղդ կինս,

Վարդգէսին հետ մէկ վակօնի մէջ ենք. միասին զմեզ Տիարպէքիր կը խրկեն, որուն վալին քննութիւն կատարելու համար զմեզ ուզեր է:

Շատ հաւանական է որ քննութիւն, դատաստան ըսելով գլուխննուս փորձանք բերեն: Ուստի ամեն ջանք ընելու է, կարելին եւ անկարելին ընելու է զմեզ ետ դարձնելու համար: Թող նախնական քննութիւն մը ընեն Պոլսոյ մէջ կամ Ատանայի մէջ, երբ կասկածելու պատճառ մը տեսնուի` ան ատեն թող խրկեն:

Ձեռքը խղճին վրայ դնող մարդը գիտէ որ ես միշտ այս խռովեալ ժամանակներու մէջ Թուրքաց օգնելու, անոնց դէմ loyal [1] գտնուելու կողմը գտնուեցայ, աշխատեցայ, propagandeներ [2] ըրի: Ինչպէ՞ս զիս կրնան ամբաստանել: Յայտնի զրպարտութիւն է աս:

Հալաճեան էֆ., Տիլպէր էֆ. (հայերէն), Նէճմէտտին Մօլլան, Հիւսէին Ճահիտ պէյը (թուրքերէն) գացէք, ոտքերնին ինկէք [որ] պաշտպանեն մեզ. արդարութեանը, անմեղութեանը պաշտպան կ՚ըլլան: Շէյխ իւլ Իսլամին ալ գացէք. մինչեւ ցարդ 4 նամակ խրկած եմ. արդեօք [ձեռքը] հասա՞ւ:

Խալիլ պէյը պէտք է տեսնել, նոյնպէս Ճաւիտ պէյը. ժամանակ չի կայ. շուտով մարդ խրկելու է Եւրոպա վիճակս հասկցնելու. այսչափ մեծ անիրաւութիւն մը չի տեսնուած: Փաստաբան եւ Սարուխանի երեսփոխան Մուսթաֆա Ֆէվզի էֆէնտին, որ Ղալաթիա իմ տունիս մօտ (1 ա. ) մը կը բնակի, ան ալ տեսէք. անոր հասկցուցի ամեն բան. իրաւունք տուաւ, խօսք տուաւ Շէյխ իւլ Իսլամին խօսելու. անիկա ալ, հետերնիդ Շէյխ իւլ Իսլամի աղջիկները եւ դուն գացէք ոտքերը ինկէք:

Ես Գոնիա սրտի հիւանդութեան սաստիկ crise [3] մը ունեցայ, մարեցայ, հիւանդացայ եւ այդ պատճառով զմեզ քանի մը օր վար դրին եւ հիմա ճամբանիս շարունակել կուտան: Երկուշաբթի Ատանա պիտի ըլլանք. պիտի աշխատիմ, բայց յոյս չունիմ քանի մը օր հոն մնալու: Յետոյ, 2-3 օրէն, Հալէպ պիտի ըլլանք. հոն ալ կենալու պիտի աշխատինք: Դուն աշխատեցէ՛ք. ժամանակը կեանք է: Խե՜ղճ կնիկս, խե՜ղճ զաւակներս, արդեօք դուք հոդ ի՞նչ վիճակի մէջ էք:

Սա կէտը ըսէք, որ հիւանդութիւնս շատ ծանրացած է. մինչեւ Տիարպէքիր ապահովապէս կը մեռնիմ. թող գթան ինծի:

Ատանա 30 ոսկի խրկելու համար քեզի հեռագիր տուի. երէկ իրիկուն մեկնելս իմացնող ուրիշ հեռագիր մը տուի. 788 ղուրուշ (1 ա. ) մը քաշեցի եւ հոն ալ ճամբայ ելլելս գրեցի:

Ազատեցէ՛ք զիս:

Ներփակեալ խնդրագիրը կուտաս մեր բարեկամներուն եւ անոնց հետ միասին ամենքնիդ խմբով գացէք Շէյխ իւլ Իսլամին, այս նամակս տուէք:

Խումբով՝ տիկին Վարդգէսը, դուն, աղջիկներս, Տիլպէր, Հալաճեան, Ճահիտ պէյ, Նէճմէտտին Մօլլան: Այսպէս խումբով երթալը կ՚ազդէ. այս մարդը հարկաւ խիղճ ունի.

Միեւնոյն կերպով Թալաթ պէյին ալ գացէք. Նէճմէտտին Մօլլան եւ Ճահիտ պէյը իրարու հետ հաշտ չեն, բայց թերեւս այս գործին համար միասին աշխատելու չի խուսափին:

Ինչ որ կարելի է նէ ըրէք շուտով, շուտով Խալիլ պէյին մարդ հասցուցէք: Ամենքնիդ կը համբուրեմ:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

 

Զմեզ Ատանա վար դնելու համար հեռագիր մը հասցնելու է։

Ես Շէյխ իւլ Իսլամին Գոնիայէն հեռագիր մը տուի գթութիւն խնդրելով. չեմ գիտեր թէ ձեռքը հասա՞ւ:



[1] Ազնիւ, հաւատարիմ

[2] Քարոզչութիւն

[3] Նոպա