287.
ԿԼԱՐԱ
ԶՕՀՐԱՊԻՆ
Գոնիա,
28
մայիս
[10
յունիս],
1915,
հինգշաբթի
առտու
Սիրական
եւ
խեղճ
կնիկս,
Ճամբայ
ելլելնիս
օր
մը
ետ
մնաց.
այս
նամակը
վաղը
առտու
ճամբայ
պիտի
ելլէ
դէպի
քեզի.
չեմ
գիտեր
պի՞տի
հասնի
ձեռքդ
թէ
ոչ.
մենք
այլ
նոյն
միջոցին
կը
մեկնինք
դէպի
Ատանա
եւ
յետոյ
Հալէպ
եւ
Տիարպէքիր:
Շատ
հիւանդ
եմ,
բայց
ինքզինքս
կը
դարմանեմ
կոր:
Քաջ
եղիր
եւ
որովհետեւ
յանցանք
մը
չունինք,
հարկաւ
պիտի
ազատինք
այս
փորձանքէն:
Մտիկ
ըրէ.
1.
Նէճմէտտին
Մօլլայէն,
Հալաճեան
էֆէնտիէն,
Հիւսէին
Ճահին
պէյէն,
Տիլպէր
էֆէնտիէն
քեզի
աջակից
եւ
խորհրդական,
տեսակ
մը
քօմիսիօն
կազմէ
որ
քեզի
հետ
աշխատին:
Անոնց
չորսը
նայէ
որ
միշտ
շուրջդ
հաւաքես
եւ
ամենքը
միասին
եւ
շատ
շատ
աշխատցնես:
Գիտեմ
որ
դժուար
է.
գիտեմ
որ
քենէ
պիտի
փախչին,
բայց
դուն
մի՛
յուսահատիր.
մէկուն
դուն,
միւսին
Տօլլիս,
միւսին
Հերմինս,
միւսին
տիկին
Վարդգէսը
թող
վազէ.
այս
մարդիկը
միշտ
քովերնիդ
պահեցէք:
Ամեն
բան
անոնց
հարցուցէք:
Ասոնցմէ
գնա
Նուրի
պէյէն
ալ
խորհուրդ
եւ
խրատ
ուզէ:
2.
Ձեռք
բերելու
պիտի
աշխատիք
արգիլել
մեր
Տիարպէքիր
խրկուիլը
եւ
մեր
վար
դրուիլը
ճամբան`
ուր
որ
ըլլայ,
Ատանա
կամ
Հալէպ:
3.
Եթէ
Տիարպէքիր
խրկուեցանք`
ա.
հոնտեղի
վալի
Րէշիտ
պէյին
բ.
զինուորական
քօմանտանին
գ.
Տիւանը
Հարպի
րէիսին
ուժով
յանձնարարականներ
խրկել
տալու
պիտի
աշխատիք,
որպէսզի
արդարութիւնը
ի
գործ
դնեն
եւ
մեզի
նեղութեան
չի
մատնեն.
այս
վերջին
կէտը
իմ
հիւանդութեանս
պատճառով
խիստ
կարեւոր
է,
վասնզի
եթէ
բանտերու
մէջ
մոռցուիմ`
կը
մեռնիմ.
ուստի
եթէ
Տիարպէքիր
երթալս
չարգելուի`
հսկողութեան
տակ,
բայց
տունի
մէջ
բնակելնուս
համար
հեռագիր
մը
խրկել
տալու
աշխատէ:
4.
Որպէսզի
Տիարպէքիրի
մէջ
իմ
տէրութեան
թէ՛
հաւատարիմ,
թէ՛
ծառայութիւններ
մատուցած
ըլլալս
շուտով
տեսնուի
եւ
հասկցուի,
աղերսագրի
օրինակ
մը
կը
խրկեմ
կոր
ներփակեալ.
ատիկա
Նէճմէտտին
պէյին,
Հալաճեանին
եւ
միւսներուն
ցոյց
տուր
եւ
մաքուրը
առնելով
իմ
անունովս
դուն
ստորագրէ
եւ
հոն
գրուած
կէտերուն
վրայ
քննութիւն
կատարել
տալու
աշխատէ
եւ
օր
առաջ
Տիարպէքիր
հասցուր:
Ես
հոս
իմ
ստորագրութեամբս
արդէն
ասանկ
աղերսագիր
մը
տուի
հոս
որ
հոդ
խրկեն
Թալաթ
պէյին:
5.
Նայէ
որ
այս
չորսը
միասին
Շէյխ
իւլ
Իսլամին
խրկես,
օգնութիւն
ուզելու
գոնէ
սա
քննութեան
խնդրոյն
համար:
6.
Եթէ
յոյս
մը
կամ
բարի
լուր
մը
ունենաս,
ուր
որ
գտնուինք
նէ,
թէ
ճամբուն
վրայ,
թէ
Տիարպէքիր
(զաւակներով
առողջ
եւ
հանգիստ
ենք)
ըսելով
ինծի
հեռագիր
մը
տուր.
հեռագիրդ
տեղւոյն
վալիին
խրկէ
ինծի
յանձնուելու
համար:
Հաւանականաբար
կիրակի
կամ
երկուշաբթի
Ատանա
պիտի
ըլլանք,
2-3
օր
վերջը`
Հալէպ:
7.
Եթէ
Տիարպէքիրի
վալիին
եւ
զինուորական
իշխանութեանց
լաւ
յանձնարարութիւն
կարենաս
խրկել`
հեռագիր
տուր
միեւնոյն
ձեւով
թէ
(առողջ
եւ
հանգիստ
ես):
8.
Եթէ
աս
ուզած
քննութիւնս
կատարելու
յօժարին`
հեռագիր
տուր
որ
(առողջ
ես):
Այս
ալ
իմ
վերջին
կամքս
է
Որովհետեւ
կարելի
է
որ
գլխուս
փորձանք
գայ`
քեզի
եւ
զաւակներուս
հետեւեալ
պատուէրները
կուտամ.
1.
Կահ
կարասիքս
կնոջս
է:
2.
Սիկիւրթայէս
Վահանս
ատեն
մը
զրկեր
էի.
իրեն
բաժինը
իրեն
պէտք
է
վերադարձնել:
3.
Արամիս
հետ
սրդողած
չեմ:
Մի՛
յուզուիր,
քա՛ջ
եղիր.
ես
ալ
քաջ
եմ,
բայց
հիւանդ.
պիտի
ջանամ
ապրելու:
Եթէ
կրնաս
groupe
photographie
[1]
մը
ունինք`
Հերմինս
գետինը,
ոտքիս
քով.
ինծի
խրկէ:
Շատ
կարօտով
համբոյրներ
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ
Ըսէ
ամենուն
որ
զրպարտութեան
զոհ
եմ.
մարդկութեան
պարտքն
է
որ
զիս
ազատեն.
ես
ամենուն
համար
աշխատած
եմ.
թող
ուրիշներն
ալ
ինծի
համար
աշխատեն:
Գ.
Զ.
Հեռագրով
ստակ
ուզեցի
Ատանա,
հասկցնելու
համար
քեզի
որ
հոն
կը
խրկեն
զմեզ:
Վարդգէսը
հետս
է.
երկուքնիս
զիրար
կը
մխիթարենք,
կը
դարմանենք.
սիրտ
տուր
Վարդգէսին
կնոջը:
Գ.
Զ.