183.
ԿԼԱՐԱ
ԶՕՀՐԱՊԻՆ
[Վիսպատէն,
20
օգոստոս,
1911]
Կիրակի,
առտու
ժամը
8
1
/
2
Անուշիկ,
կնիկս,
աղուոր,
քիթիկլի,
քիչիկ
մը
քաքանոց,
շատ
անգամ
պօնպօնի
պէս
կակուղ
եւ
անոյշ
սիրականս,
Այս
առտու
կանուխ
Ֆռանքֆուրթէն
մեկնեցայ
եւ
հոս
հասայ.
գիշերը
Ֆռանքֆուրթի
մէջ
անցուցեր
էի.
անունը
մեծ,
ինքը
անպիտան
պանդոկ
մըն
էր.
հիմա
այս
պանդոկը
շատ
աղուոր
է.
Վիսպատէնի
առաջին
պանդոկներէն
մէկն
է:
Պանքօ
մը
ապսպրեցի
եւ
բժիշկի
մը
հարցուցի:
Հարցուցի
ամմա
քովս
25
մարք
կայ:
Հա՜,
մոռցայ
ըսելու.
երէկ
գիշեր
trainին
մէջ
իրիկուան
ճաշէն
վազ
անցայ.
հէ՛մ
économie
[1],
հե՛մ
ստամոքսս
լեցնել
չուզեցի.
իրաւցնէ
ալ
գիշերը
հանգիստ
անցուցի:
Բայց
ճշմարտութիւնը
սա
է
որ
(1
ա.
անձ)
հետ
պզտիկ
նմանութիւն
մը
յառաջ
եկաւ:
Հօթելիս
առջեւը
պզտիկ
parc
[2]
մը
կայ.
սենեակս
երկրորդ
հարկն
է
եւ
parcին
վրայ
կը
նայի:
Պանքօս
առի
եւ
մաքրուեցայ:
Հա՜,
նորէն
բան
մը
մոռցեր
[էի]
մեծ
սնտուկս
Ֆռանքֆուրթի
gareը
[3]
մնաց.
առտուն
աճապարանքին
մէջ
առնելու
մոռցայ.
հիմա
Ֆռանքֆուրթ
téléphoner
[4]
պիտի
ընեմ.
իրաւցնէ
ցնդեր
եմ.
մարմնով
եւ
մտքով
կամ
լմնցեր
եմ
կամ
լմնալու
վրայ
եմ:
Արաքսիէն
եւ
Հերմինեէն
լուրի
կ՚սպասեմ:
Հերմինը
քովս
ըլլար
նէ`
հէ՛մ
interprète
[5],
հէ՛մ
ընկեր
կ՚ըլլայ(ր)
ինծի:
Շատ
մը
պաչիկներ`
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ