222.
ԿԼԱՐԱ
ԶՕՀՐԱՊԻՆ
[Լոնտոն],
16
սեպ.
[1911],
շաբաթ
ցորեկ
Անուշիկ
հոգիս,
Երէկ
քենէ
առած
նամակս
զիս
շատ
նեղացուց.
ես
ալ
անոր
համեմատ
պատասխան
մը
գրեցի:
Ի՛նչ
օգուտ
որ
ձեռքս
չէ.
քեզի
հետ
քէն
չեմ
կրնար
պահել,
ուստի
պաչիկ
մը
քիթիկին,
եւ
հաշտուինք:
Ժամ
մը
առաջ
Հերմինիս
եւ
Արաքսիին
օթօով
gare
[1]
տարի.
պագտուեցանք
եւ
ճամբու
դրի
զիրենք:
Հերմինիս
Orient
Expessի
ստակը`
400
ֆռանք
վրայէն
վճարեցի:
Երէկ
Արաքսիին
համար
առած
թախըմին
համար
50
անգլ.
ոսկի
տուի:
Կարծեմ
իր
ըրածին
փոխարէնը
ըրինք,
բայց
ասով
նորէն
Հերմինին
իրեն
տուած
նեղութիւնները
կը
մնայ.
շատ
շփածութիւն
ըրեր
է
(հասկցածս,
վասն
զի
Արաքսին
բան
չ՚ըսեր,
չի
գանգատեր,
ընդհակառակը,
շատ
ուրախ
է):
Հիմա
ալ
Արշակին
համար
մէկ
սալօնի
թախըմ
մը
եւ
մէկ
մըն
ալ
պառկելու
սենեակի
թախըմ
մը
առի,
ամենքը
60
անգլիական
ոսկիի
մօտ:
Կարծեմ
թէ
պիտի
հաւնի.
շատ
սիրուն
բաներ
զատեցի:
Պաչիկներ`
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ
Ահաւասիկ
թուղթը.
կէօմրիւկը
դուն
վճարէ:
Գ.
Զ.
Պաչիկներ`
Գ.
Զ.
Ինծի
համար
պասթօն
մը
եւ
հովանոց
մը
առի.
ուղղակի
Պոլիս
պիտի
խրկեն.
facture
[2]
ահաւասիկ:
Նոյնպէս
Արշակին
համար
առած
meubleներուն
[3]
factureը
ահաւասիկ
ներփակեալ
է:
Գ.
Զ.