260.
ԿԼԱՐԱ
ԶՕՀՐԱՊԻՆ
[Վիշի,
10
սեպտեմբեր,
1912],
Երեքշաբթի
առտու
Անուշիկ,
մէկ
հատիկ,
շէքէրլի
կնիկս,
Երէկ
գիշեր
Casinoէն
[1]
դառնալուս
հեռագիրդ
առի.
կարծեցի
որ
նորէն
սենեակիս
մէջ
ձայնդ
կը
լսեմ
կոր.
շիտակը
այդ
ձայնին
ալ
պէտք
ունէի,
վասն
զի
դուն
գացիր`
ուղուրս
ալ
գնաց.
թէ՛
Էքս
լէ
Պէն
թէ՛
հոս
բոլոր
վաստկածներս
երէկ
գիշեր
կորսնցուցի.
մեծ
guigne
[2]
մը.
բայց
տէրտ
մի
ըներ.
վաստկածներս
միայն
տուի,
բայց
որովհետեւ
խել
մը
աւելորդ
ծախքեր
ըրեր
էի,
վաստկած
եմ
ըսելով,
անոր
համար
խաղնիս
կը
սեպուի:
Ասոնք
քեզի
գրելու
պէտք
չունիմ.
սիրտս
նեղանալուն
կը
գրեմ
կոր:
Դուն
հոգդ
մի՛
ըներ.
ես
այս
կորուստները
կը
հանիմ:
Այս
առտու
գացի
bain
à
air
chaud
[3]
ըսուածը
ըրի,
յետոյ
ըլըխ
ջուրի
douche
[4]
մը,
յետոյ
eau
de
Cologne
friction
մը:
Գոհ
մնացի:
Քանի
մը
օր
պիտի
ընեմ.
տաք
պաղ
երթալու
պէս
բան
մը:
Միայն
ամեն
օր
չ՚ըլլուիր.
հոգնեցուցիչ
է.
երեք
օր
մը
գոնէ
արա
տալու
է.
յետոյ
10-12
հատէն
աւելի
չ՚ըլլուիր
կարծեմ:
Իմ
զգացածս:
Bain
à
air
chaud
ըսուածն
ալ,
ինչպէս
դուն
ըսեր
էիր,
մեր
թօնիրն
է.
կը
հանուեցնեն,
մինչեւ
վիզդ
գոց
սնտուկի
մը
մէջ
կը
դնեն
կոր`
տաք
օդով
լեցուն:
Ուզես
չուզես`
կը
քրտնիս
կոր:
Այս
քրտնիլը`
4
ֆռանքի,
շատ
աժան
երեւցաւ
ինծի,
վասն
զի
casinoին
մէջ
ճիշդ
հազար
անգամ
աւելի
սուղ
այսինքն`
4000
ֆռանքի
կը
քրտնին
կոր:
Կատակը
մէկդի.
կարծեմ
թէ
այս
traitmentէն
շատ
ջուր
խմելն
աւելցնեմ
նէ`
վրան
քիչ
մը
օգուտ
պիտի
քաղեմ:
Աղէկ
միտքս
ինկաւ.
Կիւլպէնկին
հետ
կը
խօսէի
կոր,
անիկա
ինծի
ըսաւ
թէ
այս
հիւանդութեան
միւս
գործը
շատ
կը
վնասէ
եղեր:
Եթէ
իրաւցնէ
վաղը
բժիշկը
un
petit
[5]
(1
ֆր.
)
ընելու
համար
գայ
նէ`
պիտի
հասկնամ:
Ալ
ամեն
բանի
լրումն
է:
Ուզածդ
կերակուրը
ուտել
չի
կայ,
ուզածդ
ըմպելիքը
խմել
չի
կայ,
ուզածդ
սիկառդ
ծխել
չի
կայ…
ուզածդ
կնկան
հետ
պառկել
չի
կայ…
Ասոր
ի՞նչ
կ՚ըսեն:
Ապրել
կ՚ըսե՞ն
արդեօք:
Իշտէ
քեզի
զուարճացնելու
համար
խօսքեր
եւ
հետն
ալ
պաչիկներ`
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ
[2]
Անյաջողութիւն,
ձախորդութիւն