294.
[ՀԱՆՍ
ՎԱՆԳԷՆՀԱՅՄԻՆ]
Թարգմանութիւն
Հալէպ,
14/27
յունիս,
1915
Պարոն
Դեսպան,
Մարդ
մը,
որուն
վրայ
կը
ճնշէ
այսօր
դժբաղդութիւնը,
Ձեր
վեհանձնութեան
կը
դիմէ
որպէսզի
տեղ
հասցնէք
ներփակ
նամակը:
Այդ
մարդը
նոյն
ինքն
այն
անձն
է
որ
քանի
մը
տարի
առաջ,
գիշեր
մը,
Ձեզի
բերաւ
Խալիլ
պէյը,
Օսմ.
Խորհրդարանի
նախագահը,
որուն
ապաստան
տուած
էր
ամբողջ
քսան
օրեր,
ձերբազատելու
համար
զինք
ասքեարներու
հետապնդումէն:
Այսօր,
իր
կարգին
տարագիր
եւ
Տիարպէքիրի
պատերազմական
ատեանին
առջեւ
հանուելու
սպառնալիքին
տակ`
այդ
մարդը
կ՚աղերսէ
Խալիլ
պէյին
օգնութիւնը
եւ
այս
է
նամակիս
բովանդակութիւնը:
Այս
առիթով
կը
համարձակի
աղերսել
նաեւ
Ձեր
բարձր
պաշտպանութիւնը
եւ
առ
Ձեզ
կը
մատուցանէ
իր
երախտագիտական
հաւաստիքին
հետ
մեծարանքը
իր
խորին
յարգանաց:
ԳՐ.
ԶՕՀՐԱՊ
Պոլսոյ
Երեսփոխան