220.
ԿԼԱՐԱ
ԶՕՀՐԱՊԻՆ
[Լոնտոն],
15
սեպտ.
1911,
ուրբաթ,
առտուան
ժամը
4զ
Անուշիկ,
մէկ
հատիկս,
Աչքս
բանալուս,
մութին
մէջ,
վասն
զի
դեռ
առտուն
չէ,
առաջին
պաչիկս
կը
խրկեմ
քեզի:
Երէկ
ցորեկէն
վերջը
Արաքսիին
եւ
Հերմինին
հետ
երեք
ժամի
չափ
փողոցները
ոտքով
քալեցինք:
Կ՚երեւայ
թէ
շատ
յոգնեցայ
եւ
մէյ
մըն
ալ
վրաս
շատ
énervement
[1]
կայ.
աս
երկուքէն
ըլլալու
է:
Պանդոկս
դառնալուս
ո՛չ
դուրս
կրցայ
ելլել,
ո՛չ
իսկ
վար`
ճաշարան
իջնալ:
Ժամի
մը
չափ
քանափէին
վրայ
երկնցեր
մնացեր
եմ:
Տեսայ
որ
անհանգիստ
եմ,
հանուեցայ
եւ
անկողին
մտայ:
Անոր
համար
թէեւ
մութին
հետ
արթնցայ,
բայց
այս
գիշեր
բաւական
քնացած
եմ:
Միայն
morale-ս
տեղը
չէ.
սիրտս
լեցուն
է,
չեմ
գիտեր
ինչո՞ւ:
Գիտե՞ս,
խօսքը
մէջերնիս,
Արաքսին
բան
չի
հասկնար
շատ:
Հերմինն
ալ
տղայ
է,
ես`
սիրտս,
միտքս
յոգնած
մարդ`
անոնցմէ
բան
չեմ
հասկնար:
Ինչեւէ,
ակռաս
սեղմեցի,
հետերնին
պտըտեցայ:
Հերմինիս
մանր
մունր
ուզածները
առի.
թէ
քէյֆը
եկաւ`
թող
գայ:
Երբոր
ես
տրտմած
եմ`
ամենքն
ալ
տրտում
ըլլալու
չեն,
թէ
որ
ինքզինքս
օգուտ
չունիմ`
գոնէ
ուրիշներուն
ուրախութեանը
պատճառ
ըլլամ
ձեռքէս
եկածին
չափ:
Արաքսիին
առնելիք
թախըմին
առթիւ
մտածեցի
մեր
ճաշի
սրահին
համար
մեր
անցեալները
ծախած
դեղին
թախըմին
տեղ
maroquinէ
[2]
մինակ
քանափէ
մը
կամ
թէ
երկու
հատ
ալ
ֆօթէոյլ
առնիլ:
Այսօր
ցորեկէն
ետքը
ժամը
2-ին
Արաքսիին
եւ
Հերմինին
հետ
պիտի
երթանք
եւ
պէտք
եղածները
առնինք:
Պաչիկներ`
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ
Րաթիպ
փաշային
մեզատէէն
ծախու
առած
valiseը
[3],
որ
հիմա
ես
հետս
առած
եմ,
սարսափելի
խազըխլանմիշ
ենք
եղեր.
ատոր
նորը
եւ
աւելի
աղուորը
35
ոսկի
կը
ծախեն
կոր:
Ադ
Debson-ը
վաճառական
չէ,
տօլանտըլճի
է
պարզապէս:
Վահանն
ալ
(1
ա.
),
խափաթմըշ
ըրաւ:
Գ.
Զ.
Այս
վայրկեանիս
աղուոր
արեւ
մը
ծագեցաւ,
Աստուծմով
գործերնիս
այսօրուան
օդին
պէս
պիտի
շտկուին:
Գ.
Զ.
[1]
Նեարդայնութիւն,
գրգռուածութիւն