Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

237. ԿԼԱՐԱ ԶՕՀՐԱՊԻՆ

[Բարիզ], 6 հոկտ., [1911], ուրբաթ առտու, ժամը 10

Անուշիկ կնիկս,

Ինչպէս որ կանոն է` անկարեւոր բաներու կարեւորութիւն տալ, հոգ տանիլ եւ կարեւոր բաներու բնաւ հոգ չի տանիլ ասիկա մեր ժողովքի` օր օրի գումարուիլն ինծի իմացնելու մէջ շատ լաւ ցուցուցիք:

Երբոր առտու իրիկուն լրագիրները կը գրեն որ ժողովը ամսուն 7ին, այսինքն վաղը պիտի բացուի, բնաւ միտքներուդ չանցուցի՞ք որ երբ այդ լրագիրները կարդամ` ի՞նչ վարանումի մէջ կը մնամ:

Ինքներնուդ չըսի՞ք որ սա մարդուն երկու տող հեռագիր մը տանք. ի՜նչ հարկ, անանկ չէ՞. ի՜նչ կարեւորութիւն ունի որ ես հոս ճռիկ ճռիկ տանջուիմ հասկնալու համար թէ ո՞ր օր է բացումը. մինչեւ քեզի հեռագիր զարնելու ստիպուիմ եւ նորէն երկու օր պատասխան չառնիմ. այնպէս որ` եթէ իրաւցնէ վաղը պիտի բացուի, ես հոս սպասիմ, կենամ. աս աստիճան անհոգութեան խելք հասցնելը իմ գործս չէ:

Անդին խել մը անօգուտ խօսքեր պարունակող նամակներ, չըլլայ ճամբան կորսուի, մէրագով recommandée [1] ընել կը կենաք, թէեւ մի՛ ընէք տէյի գրեցի ձեզի. այնպէս քունի մէջ առտուն կ՚արթնցնեն զիս ժամը 6ին, 7ին. ի՞նչ կայ. recommandée նամակ. մէջը մատամ Բաբազեանին հետ խօսեցայ կամ լաճերը կը քնանան կոր: Այս լուրերը հարկաւ շա՜տ կարեւոր են եւ recommandée նամակով ինծի գալու են. հէ՛մ քունս վրայ տալու եմ, հէ՛մ 20 սանթիմ ալ բերողին պախշիշ. սա հոգածութիւնը քիչ մըն ալ սա ժողովքին բացուելու օրը ինծի իմացնելու համար գործածէիք նէ` մեղքը կը մտնայի՞ք արդեօք:

Ուրիշ օրինակ մը. ամեն նամակիդ enveloppeին [2] կռնակը

Mr Zohrab

50 postale

poste allemande Péra

Constantinopole

սա բառերը կը գրէք ու կը գրէք. ո՜րչափ մէրագ. արդեօք կը մտածէ՞ք որ կ՚ելլեմ Mr Zohrabին adresse չեմ գիտնար, նամակը կը կորսուի. ուստի միտքէս չի հանելու համար ամեն envelloppeին կռնակը երկան բարակ կը գրէք. շա՜տ գովելի հոգածութիւն: Ինչ է նէ` չ՚երկնցնեմ:

Պաչիկներ

Գ. ԶՈՀՐԱԲ



[1] Պատուիրուած

[2] Ծրար