Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

281. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՈՐԲԱՆՈՑԻ ՏՆՕՐԻՆՈՒԹԵԱՆԸ

[Կ. Պոլիս], 29/12 մայիս, 1915

 

Յարգելի Տնօրինութիւն Գարակէօզեան որբանոցի,

Շնորհակալութեամբ ստացայ ձեր սաներուն ձեռական աշխատութիւնը եղող երկու սիրուն արձանիկները. անոնք Հայ ցեղին գեղարուեստական ընդունակութեան նոր մէկ ապացոյցը կը կազմեն եւ անոր համար թանկագին են ինծի: Զմեզ շրջապատող տրտմութիւններուն մէջ ասիկա մխիթարութիւն մը եւ ուրախութիւն մը թող ըլլայ ամենուս: Ներփակեալ չնչին նուէրս գործածեցէք Հաստատութեանդ օգտին ինչպէս որ կամիք:

Ձերդ

Գ. ԶՕՀՐԱՊ