Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

35. [ՄԱՂԱՔԻԱ ՕՐՄԱՆԵԱՆԻՆ]

[Կ. Պոլիս], 10/23 մարտ, 1903

 

Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայր,

Կ՚երեւի թէ Ազգ. Պատրիարքարանի համար երկրորդ գործակատարի մը պէտք կայ. իմ գրագիրներէս պ. Արմենակ Չխարիկեան թեկնածու է այդ պաշտօնին:

Իր պարկեշտութիւնը, իր բարի վարքը ամեն կերպով կ՚երաշխաւորեմ Ձեր Սրբազնութեան. հինգ տարիէ ի վեր իմ քովս կ՚աշխատի եւ կը կարծեմ որ ստացած փորձառութեամբը եւ հմտութեամբը կարող է գոհացնել Ձեր Սրբազնութեանը:

Եթէ իր խնդիրքը ընդունելի դատուի` ես այդ առիթով ալ երախտապարտ պիտի մնամ Ձեր Սրբազնութեան:

Ամենախոնարհ որդի

Գ. ԶՕՀՐԱՊ