131.
ԲԱՑ
ՆԱՄԱԿ
ԴԱՇԻՆՔԻ
[Կ.
Պոլիս,
15/28
սեպտ.
1909]
Այս
վայրկեանիս
աչքիս
առջեւն
է
ձեր
ուրբաթ
օրուան
թիւը,
որուն
առաջին
էջին
մէջ
կը
կարդամ
«Վարչական
ապիկարութիւն»
վերնագրով
առաջնորդողնիդ:
Իբրեւ
հին
օրագրող`
լաւ
կը
ճանչնամ
ազգային
գործիչները
դատափետելուն
դրդող
Սատանան,
որ
ինքզինքը
յարգող
ամեն
խմբագրի
մէջը
կը
բնակի:
Մեր
օրովը
հիմակուան
չափ
նախճիրներ
չէր
գործեր
անիկա:
Թերեւս
երեխայ
մըն
էր`
որ
վերջին
քսան
տարուան
մէջ
ձեռք
բերած
զարգացումը
չունէր
այն
ատեն:
Թերեւս
ալ
մենք`
օրագրողներս
երբեմն
անոր
դիմադրելու,
հետը
իրաւախոհութեան
գալու
չափ
հնարամիտ
էինք:
Յետոյ,
միւս
փորձութիւնը
որ
վերինին
չափ,
եթէ
ոչ
աւելի,
անդիմադրելի
է:
Ցնցող,
բուռն
ու
եզական
յօդուած
մը
գրելու
առիթը:
Գրականութիւնը
իր
իրաւունքները
ունի,
որոնք
քաղաքական
պահանջումներու
չափ
տիրական
են:
Այս
ամենը
ուղիղ
է:
Ճիշտ
է
նաեւ
որ
ամեն
գրչի
մարդ
իր
խառնուածքը
ունի:
Դաշինքի
խմբագրապետը
չպիտի
կրնար
վարդեր
սփռել
մեր
քայլերուն
առաջը
կամ
դափնիներ
հիւսել
մեր
ճակտին:
Երեւակայեցէք
Դաշնակցական
մը
կայ,
Շահրիկեանը,
եւ
Դաշնակցութեան
ջերմապէս
համակրող
մը,
Զօհրապը,
Քաղաքական
Ժողովին
մէջ:
Բայց
իրաւունք
ունինք
կարծեմ
ակնկալելու
լուրջ
լրագրութենէն`
որ
անհիմն
ու
ձրի
ենթադրութիւններով,
կտրուկ
ու
իշխանական
վճիռներով,
արդէն
վրդոված
հանրային
խիղճն
ու
միտքը
չմոլորեցնէ,
զմեզ
հանգիստ
ձգէ
մեր
մեծ
Սուգին
մէջ:
Ամբոխավարութիւնը
կը
սիրեմ,
պայմանով
որ
խելացի
ու
քիչ
մըն
ալ
բարեխիղճ
ըլլայ:
Եվ
նախ,
որովհետեւ
թուաբանութիւնը,
յուզիչ
հաշիւները
բանի
մը
չեն
վնասեր,
յայտնենք
որ
Ատանայի
աղէտին
մէջ
ապահովագրուած
գումարները
90000
ոսկիի
կը
հասնին,
շատ
հեռու
ուրեմն
ձեր
յայտնած
600000
ոսկիէն:
Վարչութեան
իր
կատարած
ձեռնարկումներուն
մասին
ամեն
օր
լրագիրներուն
լուր
չհաղորդելէն
կը
հետեւցնէք`
որ
երեսի
վրայ
թողած
է
այս
կենսական
ու
ստիպողական
հարցը:
Մեր
ապիկարութիւնը
անով
կը
վճռէք:
Ինչ
պիտի
պատասխանէք
երբոր
հաստատենք
որ
աւելի
քանի
150
դատեր
արդէն
ներկայացուած
են
ձեռնհաս
դատարաններուն:
Գիտէ՞ք
որքան
նախապատրաստութեամբ
այս
դատերը
սկսուած
են:
Աւերակ
դարձրած,
սարսափի
մատնուած
աշխարհէ
մը
վաւերագրեր
ձեռք
բերել,
սպաննուած
Հայոց
ժառանգորդները
փնտռել,
գտնել,
ճշդել,
համեմատապէս
խիստ
կարճ
ժամանակամիջոցի
մէջ`
գիտէ՞ք
որքան
աշխատութիւն
ու
փութաջանութիւն
կ՚ենթադրէ:
Եւ
պաշտօնական
աշխատութեանց
քովը
կամ
շուրջը
որքա՜ն
խոհրդակցութիւններ,
կարգադրութիւններ`
զորս
հոս
մի
առ
մի
թուելը
գուցէ
վնասէ
մեր
դատին
յաջողութեանը
որուն
փափուկ
հանգամանքը
անտեսել
մեծ
անխոհեմութիւն
պիտի
ըլլար:
Մեծխօսիկ
Տօն
Սէզարներ`
ամեն
խնդրոյ
մէջ
միայն
մեր
փաստերը
առաջ
քշելու
հետամուտ
ենք,
մոռնալով
որ
մեր
հակառակորդներն
ալ
իրենց
ըսելիքները
ունին:
Երկու
կողմէն
յառաջ
բերուելիք
առարկութիւնները
օրագիրներու
մէջ
հրատարակելը
խիստ
վնասակար
գաղափար
մըն
է
ըստ
իս.
ի՞նչ
շահ
ունինք
մեր
փաստերը,
մեր
զէնքերը
ծանօթացնելով
հակառակորդին:
Կրնանք
վստահ
ըլլալ
որ
իրաւագիտական
հարցը
իր
բոլոր
նրբութիւններովը
քննուած
է
Վարչութեան
եւ
Վարչական
Յանձնաժողովին
կողմէ`
այն
խորին
ուշադրութեամբ,
որ
ասանկ
ծանրակշիռ
ու
հանրային
հանգամանք
ունեցող
դատի
մը
մէջ
հարկաւոր
է:
Ձեր
թելադրութիւնները,
զորս
կարելի
է
առանց
չարամտութեան
մանկական
կոչել,
յարգելի
են
հարկաւ,
բայց
ապահով
եղէք
որ
ատոնցմէ
շատ
աւելի
հեռուն
եւ
շատ
աւելի
խորունկ
մտածուած
է:
Այս
ապահովագրութեան
գործին
մէջ
Մամուլը
խոր
քունի
մէջ
էր`
երբ
Վարչութիւնը
մեր
դժբաղդ
հայրենակիցներուն
իրաւունքները
պաշտպանելու
գործը
ձեռք
առաւ:
Մինչեւ
հիմա
իր
պարտքը
լիովին
կատարած
ըլլալու
համոզումը
ունի
ան
եւ
ասկէ
վերջն
ալ
միեւնոյն
ժրութեամբ
պիտի
հսկէ
այդ
իրաւունքներուն
պահպանմանը:
Ապիկարութի՜ւն
այս
բոլորը,
թէ
որ
կ՚ուզէք:
Ֆրանսացիները,
այն
հարցումին
թէ
ի՞նչ
է
օրագրող
մը
—
պատասխանած
են
—
Մարդ
մը
որ
իր
չի
գիտցած
նիւթին
վրայ
յօդուած
կը
հրատակէ:
Ո՜րքան
ճշմարիտ
է
երբեմն
այս
անճշմարտութիւնը:
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ