201.
ԿԼԱՐԱ
ԶՕՀՐԱՊԻՆ
[Վիսպատէն],
30
օգոս.
[1911],
չորեքշաբթի
ցորեկ
Անուշիկ
կնիկս,
Ելէկներս
expressով
խրկեցիր,
գրեր
էիր,
բայց
մոռցեր
էիր
աւելցնելու
որ
poste
restante
խրկած
ես:
Այսօր
առած
նամակէս
միայն
հասկցայ
այդ
կէտը
եւ
մարդ
խրկեցի
բօսթայէն
բերել
տալու
համար
զանոնք:
Կը
յուսամ
թէ
քիչ
մը
վերջը
կ՚առնիմ:
Աչքիս
անհանգստութիւնը
բաւական
աւելցաւ.
ժամը
3-ին
բժիշկի
պիտի
երթամ,
եթէ
պէտք
ըլլայ
նէ
spécialisteի
[1]
մը
պիտի
ցուցնեմ:
Արդէն
սիրտիս
նեղութիւնները
չէին
բաւեր,
աս
ալ
վրան
աւելցաւ:
Այսօր
գրեթէ
10
օր
է
որ
ամեն
դարման
կէտ
առ
կէտ
կը
գործադրեմ
կոր.
օգուտ
մը
տեսած
չունիմ:
Դեռ
բոլոր
կենալիքս
11
օր
է:
Նայինք
սա
վերջին
օրերուն
մէջ
աղէկութիւն
մը
պիտի
զգա՞մ
թէ
ոչ:
Զուր
տեղը
այս
(1
ա.
)
մէջ
ժամանակս
կորցուցի:
Շատ
մը
պաչիկներ`
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ
Ելէկները
առի.
3
նոր
եւ
2
հին
դրեր
էիր,
բայց
վնաս
չունի:
Հիմա
բժիշկէն
կուգամ.
օթօով
առանց
ակնոցի
երթալէս
յառաջ
եկեր
[էր]
աչքիս
անհանգստութիւնը,
որ
բնաւ
կարեւորութիւն
չունի
եղեր.
morale-ս
[2]
(1
ա.
)
նորէն:
Պաչիկներ`
(1
ա.
)
Գ.
Զ.