276.
ԱՐՇԱԿ
ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ
Բերա,
17
փետրուար,
1914
Ազնիւ
բարեկամս,
Ստացայ
վերջին
նամակներդ.
Յոբելեանիդ
մասին
գրածներդ
Յանձնաժողովին
կը
հաղորդեմ.
Յանձնաժողովը
ամեն
պարագայի
մէջ
կը
կազմենք,
կը
լմնցնենք,
գործի
կ՚սկսինք.
բաւական
մեծկակ
աշխատութիւն
մը
կայ
կատարուելիք.
ժամանակով
միայն
լաւ
մը
կրնանք
կազմակերպել:
Աս
գնաց:
Inspecteur
généralներու
[1]
ընտրութեան
մասին
գրածներդ
ծանօթ
են
ինծի
բացի
անկէ
որ
Նուպար
փաշան
կասկածեր
է
թէ
Պելճիքացւոց
մասին
ցոյց
տրուած
վերապահութիւնը
իր
փեսին
Պելճիքացւոց
հետ
ունեցած
մտերմութենէն
ծագում
առած
ըլլայ:
Թէեւ
հոս
մթնոլորտը
—
Հայոց
մէջ
—
խիստ
շփոթ,
բայց
աղտոտութիւնը
մինչեւ
հոն
հասած
չէ
—
բարեբաղդաբար
—
որ
այդպիսի
կասկածներ
յայտնուէին.
երբեք
ատանկ
անմաքուր
բան
մը
հոս
աշխատողներուն
մտքէն
անցած
չէ.
Պատրիարքարանը`
Պելճիքացւոց
այստեղ
արդէն
բաւական
կարեւորներ
եւ
հետզհետէ
աւելի
եւս
կարեւոր
դարձող
տնտեսական
եւ
առեւտրական
շահերը
աչքի
առջեւ
բերելով
վախցաւ
թէ
միգուցէ
այդ
շահերը
ազգէն
Պելճիքացի
Inspecteur
généralները
հայկ.
շահերը
տաճիկներուն
զոհելու
համար.
այս
գաղափարին
մէջ
հարկաւ
ստոյգ
բան
մը
չի
կայ.
ամեն
ինչ
անձէն
կախուած
է.
եթէ
փաշան
վստահելի
եւ
կարող
անձը
գտնէ
—
oiseau
rare
[2]
—
ոչ
ոք
հոս
մտքէն
կ՚անցնէ
ամենաթեթեւ
եւ
ամենատարտամ
իսկ
անհանգստութիւն
ունենալ
այդ
մասին:
Փաշային
մատուցած
ծառայութիւնները
շատ
մեծ
եւ
շատ
մօտ
են
մեզի
որպէսզի
անոր
կողմէ
յանձնարարուած
Inspecteur
généralի
մը
շուրջ
հայկ.
համակրութիւնները
անվերապահօրէն
չի
միանան:
Ամենքնիս
միաբան
ենք
սա
ճշմարտութեան
վրայ,
եւ
փաշան
ալ
համոզուեր
է
որ
ամեն
ինչ
Ռուսիոյ
կը
պարտինք
այս
գործին
մէջ,
նոյն
իսկ
վերջին
պահուն
Ֆրանսայի
նոր
դահլիճին
կողմէ
ցոյց
տրուած
ֆինանսական
թեթեւ
ճնշումը
Հայկ.
հարցին
լուծման
համար.
երբեք
չի
մոռնանք
ասիկա.
ռուսական
պաշտպանութիւն,
ահա
անկիւնաքարը
հայկական
քաղաքականութեան.
Գերմանացւոց
հետ
մերձեցում,
ահա
մեր
երկրորդ
հիմնական
ուղղութիւնը.
Թուրքաց
հետ
մերձեցում,
ահա
երրորդ
ուղղութիւնը
մեր
ապագայ
քաղաքականութեան
ըստ
երեւութեան
եւ
մասն
մըն
ալ
իրօք
հակասական
ուղղութիւն
զոր
ճարտարօրէն
վարելու
ենք.
չորրորդ`
մեր
մէջէն
երկպառակութիւնը
վանել,
վանել
գոնէ
քանի
մը
տարուան
համար.
պզտիկ
զինադադար
մը
մեր
ներքին
ոխերուն,
մեր
քէներուն,
մեր
ատելութիւններուն.
կրթական
եւ
տնտեսական
զարգացումի
նուիրուիլ,
ահա
հինգերորդ
ուղղութիւնը:
Եվ
այս
ամենը
միաժամանակ
վարելու
կարող
ազգ.
գործ.
իշխանութիւն
մը,
ահա
մեր
փրկութիւնը
ապահովուած:
Գիտնաս
որքա՜ն
բաղձամ
յանկարծ
թողուլ
այս
անիծուած
քաղաքը
եւ
Եւրոպա
նետել
ինքզինքս
գոնէ
ամսուան
մը
համար.
գիտնաս
ի՜նչ
ճնշիչ
աշխատութիւններով,
յոգնութիւններով
մաշած
եմ
այս
վերջին
6
ամիսները
եւ
կը
մաշիմ
երբ
այս
տողերը
կը
գրեմ
քեզի.
բայց
ամեն
ինչ
կը
մոռցուին
երբ
արդիւնք
մը
կ՚ստացուի.
այդ
արդիւնքը
ստացանք,
ոչ
կատարեալ,
բայց
շատ
մօտ:
Սիրով
կը
համբուրեմ
զքեզ
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ