Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  

11. ՀՐԱՆՏ ԱՍԱՏՈՒՐԻՆ


[Կ. Պոլիս], 2/14 ապրիլ, 1892

 

Բարեկամս,

Հիմա որ Իզմիտէն վերադարձիս Մասիսի այս շաբաթուան թիւն ալ հրապարակ ելած տեսայ, որով յաջորդ թիւին պատրաստութեան համար պէտք եղած ժամանակը ահա կ՚սկսի քալել, կը կարծէմ որ ալ ատենն է   Մասիս ի խմբագրապետի պաշտօնէն հրաժարականս գրելու քեզի. պաշտօնէ՞ն թէ անունէն. այս վերջինը աւելի մօտ է ճշտութեան եւ ես որ, ատեն մը մաթեմաթիքի զբաղած անձ, ճշտութիւնները սիրելու հակամիտութիւն մը ունիմ, այս վերջին բառը կը բռնեմ:

Կը կարծեմ մանաւանդ որ այս կամաւոր մեկուսացումս քեզի չի վնասէր եւ ինձի համար անհրաժեշտ է. չէ՞ մի որ իրօք դուն էիր խմբագրապետը այս թերթին. ընտրութիւնները քուկդ էր, եւ փառքը քեզի կը վերաբերի յաջողութեանը. կատարեալ անիրակութիւն մը պիտի ըլլար, որ ամենուն առջեւ ես տիրանայի Մասիսի գտած ընդունելութեան արժանիքին. ես որ գրագիտական ծանուցումներու հակառակող եմ, չեմ կրնար թոյլ տալ որ իբրեւ խմբագրապետը Մասիս ի` իմ անուանս վրայ տասնեւհինգօրեայ կամ երեքշաբաթեայ ծանուցում մը շարունակուի եւ քեզի յատուկ իրաւունք մը (թէ որ կ՚ուզես) կապտեմ քենէ: Իմ քաշուելովս աշխատութիւններդ նոյնը կը մնան. յօդուածները հաւաքել, ընտրութիւն մը ընել սրբագրել, փորձերը նայել. ասոնք ամենքը միշտ ըրած ես մինչեւ ցարդ եւ այսուհետեւ ոչինչ ունիս ընելու աւելի: Ինծի համար անհրաժեշտ է իմին քաշուիլս. հա՞րկ է ըսել թէ  ինչու. գրական խղճմտանք մը ունիմ, զի որուն ամէն վայրկեան հոշոտելով չեմ կրնար անտարբեր հանդիսատեսը մնալ թերթի մը մէջ  որ ինձ պատկանելու խաբեբա երեւոյթը ունի:

Իմ խմբագրապետութիւնս կը նմանի այն ամուսինի դիրքին, որուն սիրած կինը ուրիշի մը հետ կը պառկի էրկանը գիտութեամբը. որքա՞ն ատեն. ահա այդ ժամանակը կարճեցնելու եկայ. կ՚ենթադրեմ որ համախորհուրդ ու համաձայն ընթանալու կարելիութեան ոչ դուն կը հաւտաս եւ ոչ ես. այնքան կը տարբերինք, ո'չ. հարկ է որ տարբերինք իրարմէ աշխարհի առջեւ:

Արդէն երբէք ներդաշնակութիւնը մեր խմբագրութեան գործին մէջ չի գտնուեցաւ. թերթին ձեւը, գինը, թիւը, միջոցը` երկարատեւ ու ջրատեցուցիչ անհամաձայնութեանց պատճառներ եղան, ու պարտաւորուեցա ամէն գլխուն վրայ տեղի տալ այնքան որ վերջապէս բարեկամի մը correct (պատշաճ) բացատրութեան համեմատ, հիմա ալ կարգն է տեղս տալու:

Եթէ՜ գիտնայի որ երբէք տեղ ունեցած չեմ: Իսկ ուղղութիւնը, ես պիտի ըսեմ մոլորութիւնը, քուկդ եղաւ միշտ. եւ չեմ ուզէր հանրութեան առջեւ գոնէ այսուհետեւ անոր պատիւն ինձ վերապահել. չի կա բան մը որ տարբէր եղանակով հասկնանք, բայց կ՚երեւի թէ հարկ է որ այսպէս ցոյց տանք. զիս խնդացնող բանը զքեզ կը սարսափեցնէ կարծես եւ փոխադարձաբար. դուն անբարոյական երեւոյթէն կը վախնաս եւ ես` բուն անբարոյականութենէն. կնիկները կը դողացնեն քեզ, եւ զիս` էրիկ մարդիկ. ես անկումները կը սիրեմ դիտել, շոյել, [փայփայել], դուն` բարձրացումները. ես` ձորն եմ, իսկ դուն` լեռը. ո՛չ Քոնվանսիոնէն (Convention) անշուշտ. կամ թերեւս քոնվանսիոնէն (Convention):

Կը տեսնեմ որ այս անջրպետին վրայէն իրիրու կարկառել անկարելի կ՚ըլլայ ահա. Երազամոլ ը արտաքսուելուն հետ բնական է որ  արտաքսուի անոր դաւանողը. կը կարծեմ նաեւ որ աղէկ եղաւ. արտաքսուելովը պղծում մը պիտի ըլլար այդ յօդուածին համար տպուիլը այն էջերուն մէջ, ուր  բարեկրթութեան հոդուածը իր ստորնացուցիչ գռեհիկ ու ամոթալի մերկութեամբ կը պառկէր բոզացած կնկան մը պէս վաճառականներուն առջեւ:

Կ՚աղաչէմ որ յաջորդ թերթին մէջ իմ անունս սրբես Մասիս էն:

 

Գ. ԶՈՀՐԱՊ