Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  

14. [Մաղաքիա Օրմանեանին]

[Կ. Պոլիս], 10/22 նոյեմբեր, 1899

 

Ամենապատիւ Սրբազան Հայր,

Հանգուցեալ Պալեան Սարգիս պէյ իր կենդանութեանը Իւսկիւտարի մէջ եղող վագֆներուն միւթեվէլիութեանը փոխանորդ կարգած էր Պահզէպան օղլու Արթաքի աղայի կինը, Սօֆիկ հանըմը, որ հանգուցեալին քոյրն էր, թէեւ տարբեր մօրմէ ծնուած:

Այս վագֆին պայմաններուն համեմատ միւթեվէլիութիւնը հիմա կ՚իյնայ Տատեան հանգուցեալ Սիմոն պէյի կին Սողոմիկ հանըմին, որուն փոխանորդն եմ:

Սարգիս պէյի մահուամբը անոր կարգած փոխանորդին գործելու իրաւունքն ալ բնականաբար դադրած է:

Ո եւ է սխալի տեղի չի տրուելու համար կը համարձակիմ խնդրել Ձեր բարձր Սրբազնութենէն որ բարեհաճիք ներկայիս յղիլ Ձեռնհաս դիւանին ի գիտութիւն:

 

Մնամ ամենախոնարհ որդի Ձեր Սրբազնութեան

Գ. ԶՕՀՐԱՊ