21.
[ԱՆՅԱՅՏԻ]
Կ.
Պոլիս,
26
դեկտ.,
1901
Սիրելի
բարեկամս,
Նամակդ
առի,
աղէկ
եմ,
թէ
որ
այս
խօսքը
կը
պատշաճի
մէկու
մը
որ
մտքով
ու
սրտով
վայրէջքը
սկսած
է
արդէն.
աղէկ
եմ,
թէ
որ
իր
կատարին
մօտենալը
աղէկութիւն
է,
թէ
որ
կատարը`
որ
բարձրութիւն
մըն
է,
պարապութիւն
մը,
ոչնչացում
մը
չէ
իբրեւ
իրողութիւն:
Ահա
այս
ձեւով
աղէկ
եմ:
Կը
մաղթեմ
որ
քու
աղէկութիւնդ
տարբեր
ըլլայ
իմինէս,
ուրիշները
շլացնելէ
աւելի
զքեզ
գոհացնէ`
բան
մը
որ
կարելի
է
քանի
որ
քու
խառնուածքդ
իմինիս
պէս
յաւիտենական
դժգոհի
խառնուածքը
չէ:
Ձգենք
ուրեմն
զիս
ու
քեզի
նայինք:
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ