Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  

123. [«ՄԱՆԶՈՒՄԷԻ ԷՖՔԵԱՐԻ» ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆԸ]

[Կ. Պոլիս, 13/26 օգոստ. 1908]

Առջի օրուան Մանզումէի մէջ Իզմիրի Գաւառական Ժողովէն իմ երեսփոխան ընտրուելս ցոյց տրուած է իբրեւ բարոյական ճնշումի արդիւնք եւ իբրեւ նախապէս պատրաստուած: Պէտք չի կայ ըսելու ամեն անոնց, որոնք սահմանադրական սկզբունքներու տեղեակ են, թէ ամեն ընտրութիւն պէտք է որ նախապէս պատրաստուի եւ ջատագովուի: Ասիկա ո՛չ միայն ապօրէն չէ, այլ ասոր հակառակը ինծի անկանոն կը թուի: Որչափ որ կը յիշեմ բոլոր սահմանադրական Եվրոպայի մէջ ալ անանկ է:

Այսչափ սկզբունքի մասին:

Իմ անձիս գալով, չեմ ընդունիր որ իմ ընտրութիւնս նոյն իսկ ամենաթեթեւ վեճի կամ անհամաձայնութեան նիւթ դառնայ ուստի Իզմիրի երեսփոխանութենէն կը հրաժարիմ ահաւասիկ եւ կը խնդրեմ Իզմիրի Գաւառ. Ժողովէն որ ներկայ նամակս իբրեւ հրաժական նկատէ եւ ներողամիտ ըլլայ յատուկ նամակ չի գրելուս իրեն:

Թոյլ տուէք հիմա, գոնէ անոնց համար որ չեն գիտեր ինչ բանի մէջ կը կայանայ ինծի վերագրուած ռուսական թարգմանի տիտղոսը, որ բացատրութիւն մը տամ այս մասին:

Առհասարակ ամենուն հանդէպ անզգամ եւ ի մասնաւորի հայերուն դէմ անխիղճ ատելութեամբ զինուած Կառավարութիւնը, որ նախորդ Ռէժիմը կը կազմէր, հայ, թուրք, պուլկար եւ յոյն քաղաքական ամբաստանեալները դատարաններու առջեւ պաշտպանելու համարձակ եղանակս զայրացած` զիս աքսորելու որոշում տուած էր ասկէ գրեթէ եօթը տարի առաջ:

Պատահեցաւ որ ճիշդ այդ միջոցին Ռուսական դեսպանութիւնը կարգ մը իրաւագիտական հարցերու մէջ իբրեւ փաստաբան եւ իրաւագէտ կատարած չնչին աշխատութեանցս փոխարէն իբրեւ մասնաւոր յարգանքի նշան` պատուակալ թարգմանի «տիտղոսը» եւ ոչ թէ պաշտօնը տայ ինծի:

Ասով ես ո՛չ ռուսական թարգման եղայ, ո՛չ ռուսական հպատակ, ոչ իսկ ռուսական պաշտպանեալ: Ապացոյց` երբ ասկէ երկու տարի առաջ Եըլտըզի պալատին մէջ բանտարկուեցայ եւ հարցաքննութեան ենթարկուեցայ ո՛ եւ է ռուսական թարգման հարցաքննութեան ներկայ չգտնուեցաւ:

Այսուհանդերձ դեսպանատան կողմէ ինծի եղած այս յարգանքի ցոյցը իր բարոյական օգուտը ունեցաւ. զիս աքսորելու գաղափարը մէկդի դրուեցաւ քիչ մը ատեն: Յետոյ առաջուընէ աւելի անվեհեր կերպով քաղաքական դատավարութեանց մէջ նետուիլս` Իւսկիւպի պուլկար յեղափոխականներու դատը Շուրայի Տէօվլէթի առջեւ այս ողորմելի ու միանգամայն ամբարտաւան կառավարութեան համբերութիւնը սպառեց: Շատ մը խորհելէ վերջ Արդարութեան գործերու անարդար նախարարը, որուն մասնաւորապէս Հայերուն դէմ ի գործ դրուած շահատակութիւնները նախորդ Ռէժիմէն է՛ն սեւ էջերէն կը ձեւացնէ, առաջարկեց որ ես թէ՛ փաստաբանութեան եւ թէ ռուսական թարգմանի պաշտօնը չէի կրնար իմ անձիս վրայ միացնել եւ պատուիրեց որ զիս օսմ. դատարաններու մէջ չընդունին:

Առարկութիւնը բացայայտօրէն անհիմն էր, քանի որ ինչպէս ռուսական դեսպանութիւնը ճշդեց, ես թարգմանի պաշտօն երբեք ստացած կամ վարած չէի: Ֆրանսական առածը կ՚ըսէ որ մտիկ չընել չուզող անձէ մը աւելի գէշ խուլ չի կայ աշխարհիս վրայ: Նախորդ Կառավարութիւնը չի լսել ձեւացուց դեսպանատան յայտարարութիւնը: Այսպէս երեք երկար տարիներ արգիլուեցայ փաստաբանական արուեստս ի գործ դնելէ օսմ. դատարաններու առջեւ. բայց սա սփոփանքը ունեցայ գոնէ որ ամեն կարգի հայրենակիցներուս համակրանքը միշտ շրջապատեց զիս: Հարկաւ նիւթական կարօտս խիստ մեծ եղաւ: Բայց ասիկա` նախորդ Ռէժիմին գործած նախճիրներէն ու հարստահարութիւններէն իբրեւ հայ անհատ ինծի վիճակած, ուրիշներու պատահածին բաղդատմամբ աննշան զրկանքն էր, որուն մինչ Սահմանադրութեան հռչակումին օրը ենթակայ մնացի եւ որ իմ աչքիս` բոլոր կեանքիս մէջ ինծի ընծայուած պատիւներուն ամենէն մեծն է:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ