198.
ԿԼԱՐԱ
ԶՕՀՐԱՊԻՆ
Վիսպատէն,
[29
օգոստոս,
1911],
Երեքշաբթի
առտու,
ժամ
8
Անուշիկ
հոգիս,
Հիմա
պտոյտէս
վերադարձայ,
հանուեցայ
ու
քիչ
մը
հանգստանալէ
վերջը
այս
նամակը
կը
գրեմ
կոր:
Առողջութիւնս
ինչ
որ
էր
նէ`
այն
է.
հիւանդ
ոտքիս
մատը
միշտ
քիչ
մը
կարմրութիւն
եւ
կոխես
նէ`
վրան
քիչ
մը
ցաւ
ունի.
մարմնիս
միւս
կողմերը
եւ
միւս
ոտքի
մատին
վրայ
զգացած
ցաւս
անցաւ.
փորս
նորէն
քիչ
մը
անհանգիստ
էր
երէկ.
այս
առտու
դարձեալ
տաք
ջուրերս
խմեցի.
sel
de
Carlsbad
առի.
այսօր
պանքօ
չի
պիտի
ընեմ:
Շաբաթը
օր
մը
հանգիստ
կայ.
տեսնենք
բժիշկը
ինչ
պիտի
ըսէ:
Հիմա
ինծի
պիտի
ըսես
որ
ես
այսչափ
քիլօմեթրօ
հեռուեն
նորէն
քու
հիւանդութեանդ
պատմութիւննե՞րը
մտիկ
պիտի
ընեմ:
Իրաւունք
ունիս,
բայց
հոս
ուրիշ
ըրած
բան
չունիմ,
որ
եթէ
այս
բաներն
ալ
չի
գրեմ
նէ`
ի՞նչ
գրեմ:
Միտքս
այս
գիշեր
opéra
[1]
երթալ
է:
Այստեղի
musiqueները
[2],
պարտէզները,
անտառները
եւ
ճամբաները
հրաշալի
են,
բայց
վերջիվերջոյ
կը
ձանձրանաս:
Լեզու
չի
գիտցողը
արքայութիւն
երթայ
նէ`
ալ
դժողք
երթալ
պիտի
ուզէ`
եթէ
հոն
խօսելու
մարդ
գտնալու
յոյս
ունի
նէ:
Երեքշաբթի
ցորեկ
Հիմա
երկրորդ
նամակդ
առի:
Նորէն
հաչացող
կը
գրես
կոր:
Ես
ալ
ասկէ
վերջը
սա
50
ոսկիս
ետ
տուր
պիտի
գրեմ
շարունակ:
Արաքսիէն
հիմա
նամակ
առի.
Բարիզ
եկեր
են,
Հերմինը
կը
պտըտի
եւ
կ՚զբօսնու
կոր
եղեր,
մենակ
մի
տրտմութիւն
մը
կ՚ուզէ
եղեր,
որ
ես
ալ
Բարիզ
գտնուիմ
հետը
որ
ֆիստան
եւլն
ես
ապսպրեմ:
Մինչեւ
27
սեպտ.
պիտի
մնան
եղեր:
Մինչեւ
այն
ատեն
ես
կ՚երթամ
զիրենք
կը
գտնեմ:
Այստեղ
սիրտս
նեղանալէն
զատ
բան
մը
չունիմ:
Պաչիկներ`
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ