272.
[ՎԱՀԱՆ
ՓԱՓԱԶԵԱՆԻՆ]
[Կ.
Պոլիս],
13/26
դեկտեմբերի,
1913
Ազնիւ
բարեկամս,
Կը
խնդրեմ
որ
Պատրիարքին
հաղորդէք
հետեւեալը.
Հողային
օրէնքի
ծրագիրը
(2
ա.
)
կերպով
օրէնսգէտներուն
կողմէ
քննուելու
մասին
Խալիլ
պէյի
կողմէ
յայտնուած
փափաքին
դէմ
պարտաւոր
էի
ինչպէս
գիտէք,
մինչեւ
այս
երեկոյ
պատասխան
մը
տալ.
Ապահովութեան
յանձնաժողովը
մինչեւ
ը.
[ստ]
ե.
[ւրոպացւոց]
ժամը
8
ինծի
ո
եւ
է
լուր
խրկած
չըլլալով՝
ես
ալ
պարտաւորեցայ
այս
վիճակը
Խալիլ
պէյի
հաղորդել՝
անքաղաքավարութիւն
գործած
չըլլալու
համար։
Ժամը
9ին
փողոցը
ինծի
հանդիպելով
իմացուցիք
ինծի
թէ
Յանձնաժողովը
նախ
այդ
ծրագիրը
տեսնելու
վերջապէս
կամք
ունեցեր
է.
վերջի
թողլով
ի
հարկին
զայն
մէկ
երկու
անձի
քննութեան
ենթարկիլը։
Ես,
ինչպէս
ըսի,
ժամ
մը
առաջ
գիր
գրած
ըլլալով՝
չէի
կրնար
նորէն
դիմում
կատարել.
յետոյ
մտածել
պարտաւոր
եմ
որ
(1
ա.
)
ըլլալով
Ապահովութեան
յանձնաժողովին
խոհեմ
եւ
զգոյշ
տրամադրութիւնները
եւ
հեռատես
քաղաքականութիւնը,
այդ
դիմումը
թերեւս
անճահ
ալ
կրնայ
նկատուիլ։
Ուստի
այս
գործին
մէջ
ձեռնպահ
մնալու
ստիպուած
եմ.
կը
խնդրեմ
որ
այս
գիրս
եւ
այս
նիւթի
մասին
ասկէ
առաջ
ձեզի
գրած
երկտողս
անպատճառ
զետեղէք
եւ
պահէք
Հայկ.
հարցի
dossierին
[1]
մէջ։
Ձերդ
Գ.
ԶՕՀՐԱՊ
Ուրբաթ
գիշեր