Նամակներ (1884-1915)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  

278. [ՊԱԶԻԼ ԽԱՆԻՆ]

[Կ. Պոլիս, 26 ապրիլ, 1914]

Պարոն Նախագահ,

Շատ կը ցաւիմ որ խանգարուած առողջութեանս պատճառով ստիպուած եմ բացակայ մնալու այսօրուան հանդէսին:

40 տարի առաջ Ազգը զինքը պատող թանձր մշուշին մէջ ի՞նչ ընելիքը, ո՞ր կողմ երթալիքը չէր գիտեր. այդ մթութեան մէջ վառող առաջին լոյսը Փորթուգալեանին գործունէութիւնը եղաւ, եւ այդ լոյսը վառ մնաց մինչեւ վերջը, մինչեւ երէկ եւ մինչեւ այսօր, վառ մնաց հակառակ բոլոր մրրիկներուն որ մեր Ազգին գլխուն վրայէն անցան. փարոս` որուն շնորհիւ նոր սերունդը տեսաւ պարտականութեան ճանապարհը եւ ուրկէ քալեց առանց վհատելու:

Հայ ազգը այսօր իր կեանքին մէջ կարեւոր հանգրուանը հասած է. հիմա որ այլեւս առանց երկիւղի կրնայ ապագային նայիլ` պէտք է որ անցեալը, մօտաւոր անցեալը մանաւանդ, աչքի առջեւ բերէ. այնտեղ պայծառ դէմք մը կը ցոլայ, կը թագաւորէ. ուսուցիչ, օրագրող, գործիչ Փորթուգալեանին դէմքը. ողջունենք զայն:

Երկար տարագրութենէ մը նախկին աքսորականը ահաւասիկ իր ծննդավայրին մէջ, իր հայրենակիցներուն ցնծալից ծափերովը շրջապատուած. ի՜նչ վարձատրութիւն, ի՜նչ բաղդ եւ ո՜րքան արժանի անոր որուն կը վիճակուի:

Յարգանօք

Գ. ԶՕՀՐԱՊ