Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱԽՈՅԵԱՆ ՄԸ
      
       Մեր բոլոր ուժով մենք պիտի շարունակենք,
       ձեզ հետ եւ ձեզ համար, կռիւը, խօսքով եւ
       գրիչով, եւ երբ ժամը գայ, գործով։
       ՊԻԷՌ ՔԻՅԱՌ
      
       Ու ահա մէկն ալ հզօր, անյողդողդ, պայքարի, համամարդկային դատերու արի ախոյեաններէն, որ կը լռէ յաւիտենապէս։
       Ոչ եւս է Պիէռ Քիյառ։
       Հեռագիրը չափազանց սառն է. - «Պիէռ Քիյառ յանկարծամահ…»։
       Բնական գործունէութեան անագորոյն վրիպում մը՝ ահա կ’ընկճէ այն թանկագին գոյութիւնը, որ իր դժնդակը առաքելութեան, իր ամեհի ոգորումներու ընթացքին, երբեք չէր գիտցած դեդեւիլ կամ կասիլ կամ նահանջ մը փորձել։
       Պիէռ Քիյառ…
       Կէս հայկական անուն մըն է այս արդէն, այնքան ընտանի ռազմիկ երիտասարդութեան համար, ու անբաժան այն սերունդէն, որ ռահահորդն եղաւ մեր վերածնունդին։
       Մենք պիտի չգործածէինք այն արգահատելի բացատրութիւնը, - հայասէր, զոր տիրացուներ սովոր են հեգել, ամէն անգամ երբ կը գտնեն պարտաճանաչ քաղաքացի մը, որ կը զինուորագրուի խոնարհ եւ տանջուած ժողովուրդներու դատին։ եթէ այդ ասութիւնը կը նշանակէ մարդ մը, որ Հայերը կը սիրէ ի յառաջագունէ - մենք զայն ուղղակի անարգանք մը կը նկատենք ֆրանսացի վետերանի յիշատակին։ Պիէռ Քիյառ ամէն բանէ առաջ մարդ մըն էր, Քաղաքացին էր։ Ան ամէնէն խանդավառ պաշտպանն եղաւ հայկական դատին, որովհետեւ համոզուած էր թէ արդարութեան դատ մըն էր այն, դատը՝ մարդկութեան ու քաղաքակրթութեան։ Ու միշտ ալ բարեկամն եղաւ նման բոլոր դատերու։
       Ան կը զայրանար ու կը մաքառէր, ամէն անգամ, որ բրտօրէն կը տրորէին մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքները։ Իր ցասումը կ’աղաղակէր ամէն ուր որ տիտղոսի կամ դիրքի կամ փողի բռնաւորներ՝ կը փորձէին իրենց գիշախանձ կամայականութեան ենթարկել անհատներ ու հաւաքականութիւններ։
       Բանաստեղծ եւ գրագէտ, քննադատ ու մատենագիր, այդ հզօր իմացականութիւնը կը ներկայացնէր ներդաշնակ համադրութիւն մը սրտի եւ մտքի. շքեղ եւ արու խառնուածք մը, որ այնքան բծախնդիր էր արուեստի գերագոյն պահանջներուն համար, որքան անողորմ՝ իր հերակլեան պայքարներուն մէջ։
       Անկախաբար գրչի գործունէութենէն, ան նուիրուած էր նաեւ տենդագին աշխատանքի մը՝ տարբեր արտայայտութիւններով։ Ինք ալ, ինչպէս մեր թանկագին Քրիստափորը, կը կազմէր տեսակ մը շաղախ՝ բոլոր տրամադրելի ուժերը, բոլոր ընդունակութիւնները համախմբելու համար որոշ դատերու շուրջը։ Կը կազմակերպէր միթինկներ, բանակցութեան կը մտնէր երեսփոխաններու կամ դիւանագէտներու հետ, անոնց օժանդակութիւնը ապահովելու մտքով։ Ու ինք միշտ մնաց բողոքի կենդանի ձայնը, անընդհատ խարանեց դրամատէր ու պոլիտիկոս Եւրոպային շնական անտարբերութիւնը կամ ոճրապարտ մեղսակցութիւնը՝ հայկական ինչպէս լեհական, ինչպէս պուլկարական կամ նման տագնապներու մէջ, չվարանեցաւ միշտ իր հեղինակութիւնը կապելու ամէնէն խոնարհ եւ յուսահատական դատերուն հետ։ Համիտական սարսափներու մոլուցքի պահուն, ինք էր, որ հալածական, արիւնաքամ ժողովուրդի մը օտարալեզու սրտցաւ թարգմանը կը հանդիսանար մինչեւ նախարարական դահլիճներու մէջ։ Փրօ Արմէնիան միայն մէկ մասն էր իր գործունէութեան, գրաւոր արտայայտութիւնը միջազգային համերաշխութեան իր պրոպականդին։ Անոր դադարումէն ետքն ալ, իր սիրտը միշտ այս կամ այն ձեւով կը բաբախէր թշուառներու ազատագրման համար։ Վերջին անգամ, ինքն ալ մէկն եղաւ մտաւորականներու այն թանկագին փաղանգէն, որ միջազգային ուշադրութիւնը կը հրաւիրէր կովկասահայ կալանաւորներու վիճակին վրայ։
      
       *
      
       Կը նօսրանայ փաղանգը… Հատ-հատ կը պակսին օտարազգի հուժկու դիմագծութիւնները, որ գիտցան ըմբոստանալ «քաղաքակիրթ» եւրոպայի նախնական, բարբարոս խղճմտանքին դէմ, մարդկային համերաշխութեան խօսքերը թնդացնել պաշտօնական, ամրափակ սրահներու կողքին։ Պերթլօ, Քիյառ եւ դեռ աւելի խոնարհները, մաս կը կազմեն մեր ժամանակակից պատմութեան եւ մենք անոնց կորուստը կ’ողբանք այնպէս, ինչպէս պիտի սգայինք մահը եղբայրներու։
       Հայ ժողովուրդը, մանաւանդ երկրի Հայութիւնը, եթէ հնարաւորութիւն չունի յիշատակի խորան մը կանգնելու իր օտարազգի բարեկամներուն համար, որ աննենգ վկաներն եղան իր մարտիրոսագրութեան, որ նոյն զարկով զգացին իր տագնապներն ու ցնցումները, եւ եղան՝ իրենց կարգին՝ մարտնչողներ իր դիւցազնամարտի յաղթանակին համար, բայց րոպէ մը իսկ պիտի չմոռնայ անոնց անուններն ու անոնց ճիգերը աւանդել իր որդիներուն եւ թոռներուն, իբրեւ համազգային սրտառուչ հէքեաթ մը։
       Մենք յարգանքով կը խոնարհինք այդ եղբայր- հոգիներու աճիւնին առջեւ։
      
       «Յառաջ», 26 Յունուար 1912
       Էրզրում