Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՏՕՆԵՑԷՔ, ԲԱՅՑ ՄԻ ԽԵՂԱԹԻՒՐԷՔ
      
       Տարրական պարկեշտութեան հրաւէր մըն է, որ կ’ուղղենք մեր կարմրուկ եղբայրներուն, Նոյեմբեր 29ի տարեդարձին առթիւ։
       Տօնեցէ՛ք, բայց մի՛ խեղաթիւրէք։
       Հազար ճուաք, բիւր սաղմոսերգութիւն կատարէք, չէք կրնար «ժողովրդական հարազատ տօն» դարձնել Հայաստանի անկախութեան խորտակման քաջագործութիւնը։ Բարի եղէք, պարկեշտ եղէք, եւ ամէն բան կոչեցէք իր անունով։
       1920 Նոյեմբեր 29ը փոխանցման շրջան մըն է, վարչական փոփոխութիւն մըն է. ուրիշ ոչինչ։ Այդ օրը չէր, որ «արեւը ծագեցաւ Հայոց երկրի վրայ»։ Սո՛ւտ կը խօսիք։ Ան ծագած էր 1918 Մայիսին, շնորհիւ անհնարին զոհողութեանց, արիւնալի, անպատմելի երկունքով մը. այո՛, սովի եւ տառապանքի մէջ - չէ՞ որ պատերազմ էր - եւ իր վերջնական, հաստատուն ձեւը չառած, խաւարեցաւ, շնորհիւ ձեր դաւերուն։ Այս մասին ոչ մէկ խօսք։ Պատմութիւնը կայ եւ կը մնայ, եւ պոլշեւիկեան «շանթաժ»ները անզօր են զայն ձեր ուզած կաղապարին վերածելու։ Դուք եկաք ուրի՜շ ուղղութեամբ շարունակելու հիմնադրուած գործը, օգտուելով ճակատագրական պահէ մը։ Դուք եկաք խառնակելու եւ քանդելու, խտրութիւն չդնելով միջոցներուն մէջ. եւ որովհետեւ դէպքերը նպաստաւոր էին, որովհետեւ բարեկամ թէ թշնամի, դրամատէր-աշխարհակալ թէ «պրոլետարական դիկտատուրա», կարմիր-կտուց յեղափոխական թէ արիւնկզակ ջարդարար, - բոլորը ձեռք ձեռքի տուեր էին, յաջողեցաք «կարմիր դրօշակը հակադրել եռագոյնին», եւ պարտադրել ձեր իշխանութիւնը։ Պարծենալու բան չկայ այստեղ, այլ կարմրելու, արտասուելու։ Ձեր տեղը ուրիշներ, ուրի՜շ ազգի կոմունիստներ, մոխիր պիտի ցանէին իրենց գլխուն, փոխանակ սնամէջ եւ անպատկառ յոխորտանքներ արձակելու աջ ու ձախ, եւ «տէսթան» կարդալու լռութեան, խոհեմութեան դատապարտուած ժողովուրդի մը գլխուն։
       Եւ շատ ալ մի՛ ուռեցնէք ձեր բերած «բարիք»ները։ Ատոնց ամէնէն մեծը, խաղաղութիւնը, ինքնին եկած էր, քանի որ Հայաստանը ջախջախուած էր- ձե՛ր ալ գործօն աջակցութեամբ - եւ թշնամին ստացած էր իր բոլոր ուզածը, զինուորական պարտութեամբ եւ ձե՛ր իսկ անպատիւ նահանջով։ Կ’ընդունինք. շատ սխալներ գործեցին օրուան վարիչները, ունեցան միամտութիւններ եւ անխոհեմութիւններ. բայց այդ բոլոր մեղքերը եթէ բաղդատութեան դրուին ձեր դիւային խաղերուն եւ դաւերուն հետ, եզրակացութիւնը ձեզի դէմ է, ոչ թէ ի նպաստ։ Ալեքսանդրապոլի դաշնագրին վրայ Կարսի խայտառակութիւնն ալ աւելցնելէ յետոյ, իբրեւ թագ ու պսակ, շատ մը արդար իրաւունքներէ հրաժարելէ եւ հարեւաններուն ախորժակները յագեցնելէ յետոյ, կը մնար ձեզի ձգուած պարտէզին մէջ ամփոփուիլ եւ աշխատիլ, մեծերուն առջեւ բարեւի կենալ եւ վէրքերը դարմանել։ Ուրիշ ի՞նչ զբաղում պիտի ունենար իշխանութիւն մը, որ հրամանի տակ է, որ ոչ արտաքին քաղաքականութիւն ունի, ո՛չ հողի եւ սահմանի խնդիր, ո՛չ ալ քաղաքական մտահոգութիւններ։ Կծկուած ձեր պատեանին մէջ, դուք սուտ խենթ ձեւացաք հարիւր հազարաւոր հայրենազուրկ հայրենակիցներու տառապանքին հանդէպ։ Ամէ՛նուն, ամէ՛նուն յայտարարեցիք թէ «Դաշնակ»ները թրքական գիւղեր քանդած, կոտորած են Հայաստանի մէջ, բայց ձեր «եղբայրական» զգացումները թոյլ չտուին ակնարկ մը նետել սահմանէն անդին կատարուած անլուր գազանութեանց եւ անսահման աւերակներուն վրայ. այն աստիճան որ, ո՛չ միայն Երեւանի մէջ արգիլուած է Ապրիլ 11ը, այլ եւ ձեր շոշորթները ամէն տարի «յեղափոխական» գործ կը համարին գարշելի թռուցիկներ ցրուել եւ խանգարել ամբողջ ժողովուրդի մը սուգի օրը այստեղ, արտասահմանի մէջ։ Ձեզի համար «փոխադարձ գազանաբարոյ կոտորածներ» են հայաջինջ սարսափները. եւ նուիրական դատ՝ Մուսուլի, Մարոքի կամ Սուրիոյ պարպումը, որուն համար ցոյցեր ալ կազմակերպել կուտաք Երեւանի մէջ, մօլլաներու առաջնորդութեամբ։ Ձեր գլխուն վրայ տեղ ունիք Պէօյիւք Վէտիի փախստական Թուրքերուն համար, բայց հազար կը մաղէք ու կը սակարկէք, ներս առնելու համար բուն թափառականները, անհող եւ անտէր…։
       Տօնեցէք, ցնծացէք, բայց մի՛ խեղաթիւրէք. եւ յուսաբեկ ժողովուրդի մը հետաքրքրութիւնը, հայրենիքի կարօտը մի՛ շփոթէք ժողովրդական տօնի հետ։
       Քարը սրտին վրայ, այդ ժողովուրդը նայուածք մը ունի, որ ե՛ւ ծաղր է ե՛ւ արգահատանք։
      
       29 Նոյեմբեր 1925