ՀՐԱՅՐ-ԴԺՈԽՔ
Ո՜ւր
Տարօն-Վասպուրականի
լեռները,
ո՜ւր
Փարիզի
պողոտաները,
որպէսզի
կարելի
ըլլար
ըմբռնել
ինքնապաշտպանութեան
եւ
ազատագրութեան
կռիւները,
իրենց
ամբողջ
խորութեամբ։
Անդին՝
իսկական
դժոխք,
ուր
ամեհի
ժայռերը
եւ
անդնախոր
ձորերն
անգամ
կը
մռնչէին
հալածական
ժողովուրդի
մը
տառապանքէն։
Ասդին՝
սանձարձակ
ազատութիւն։
Լոյս,
պերճանք
եւ
վայելք։
Անդին՝
արիւն-արցունք,
տարին
տասներկու
ամիս,
եւ
պատառ
մը
հաց
որ
յաճախ
քթէ-բերնէ
կուգար։
Ասդին՝
անդորրութիւն
եւ
անսպառ
ճոխութիւն՝
ակնխտիղ
հրապոյրներով։
Եւ
սակայն,
պէտք
էերւակայութեան
ճիգ
մը
փորձել։
Պէտք
է
պարբերաբար
ոգեկոչել
Երէկը,
որպէսզի
չմոլորին
մեր
քայլերը,
պղտորելով
մեր
նայուածքը։
Այս
տեսակէտէն,
ջերմապէս
ողջունելի
է
ամէն
ձեռնարկ,
որ
կը
կատարուի,
անցեալ
փառք
մը,
յիշատակ
մը,
դէմք
մը
ոգեկոչելու
համար։
Այդ
պարտականութիւնն
ստանձնած
է
այսօր,
շաբաթ,
Տարօն-Տուրուբերանի
Հայր.
Միութիւնը,
Հրայր-Դժոխքի
նահատակութեան
յիսնամեակին
առթիւ։
Յառաջի
այս
թիւն
ալ
նուիրուած
է
նոյն
յիսնամեակին։
Ծաղկեփունջ
մը
տարօնաշունչ։
Բազմաթիւ
են
եւ
բազմազան՝
հերոսական
դէմքերը
մեր
ժամանակակից
պատմութեան
մէջ։
Բերանացին
եւ
գրաւորը
կրնաք
լրացնել
թղթատելով
Հայաստանի
աշխարհագրութիւնը։
Սերտելով
հայկական
լեռնաշխարհը,
որ
միայն
հող
եւ
քար
չէ,
այլեւ
արիւն
եւ
տքնաջան
երկունք։
Այդ
այլազան
հերոսներու
շարքին
մէջ
տիրական,
ինքնուրոյն
տեղ
մը
կը
գրաւէ
համեստ
գիւղացի
մը,
Արմենակ
Ղազարեան,
Հրայր-Դժոխք։
Մէկ
բառով՝
Հրայր։
Հերոսածին
Սասունի
այս
տաղանդաւոր
զաւակը,
հազիւդպրոցը
աւարտած,
կը
նետուի
կրակին
մէջ,
որ
կը
մխար
հայրենի
լեռներուն
վրայ։
Եւ
շատ
չանցած
կը
դառնայ
ոչ
միայն
անձնուէր
ռազմիկ,
այլեւ
առաջնակարգ
ղեկավար։
Բնութիւնը
զինքը
օժտած
էր
վարելու,
առաջնորդելու
յատկութեամբ։
Եւ
ժողովուրդը
ինք
յաճախ
կը
բռնադատէր
որ
իր
գլուխն
անցնի,
ճակատագրական
պարագաներու
մէջ։
Իր
բնածին
ուշիմութեամբ,
Հրայր
գտած
էր
յեղափոխութեան
հարազատ
ճամբան։
Նախ
արթնցնել,
ցնցել
թմրած
բազմութիւնները։
Ապա
կազմակերպել
իբրեւ
կուռ
ուժ
մը,
իրապէս
յեղափոխական
եւ
ոչ
թէ
ցուցական
գործեր
կատարելու
համար։
Խաղաղութեան
ատեն
քարոզիչ
եւ
առաջնորդ
շինարար
աշխատանքի,
ջերմ
կուսակից
բոլոր
ուժերու
գործակցութեան։
Վտանգի
պահուն
միշտ
առաջին
շարքերուն
վրայ։
Եւ
երբ,
1904Ապրիլ
13ին,
կ’իյնար
գնդակը
ճակտին,
գլուխ
մըն
էր
որ
կը
պակսէր
քաջերու
բազմութեան
մէջ։
Լեռ
մըն
էր
որ
կը
տապալէր,
խոր
սուգի
մատնելով
Տարօն-Սասունը
եւ
Հ.
Յ.
Դաշնակցութիւնը։
«Գերագոյն
խենթութեան
խենթերու»
մարմնացեալ
տիպարն
էր
Հրայր,
իր
ընկերներուն
հետ։
Այդ
լեռներուն
մէջ,
խոնարհ
բազմութիւնները
մարդկային
առաքինութիւնները
ամփոփած
էին
մէկ
բառի
մէջ,
-
Քաջ։
Կտրիճ
մըն
ալ
Հրայրը,
իր
կեցուածքով
եւ
գործքով։
5
Յունիս
1954