Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՄԸ ԿԱՐ ԱՆՏԷՐ…
      
       Պատմութիւնը պիտի ըսէ. -
       Ժողովուրդ մը կար անտէր, կէսը՝ արմատախիլ ջարդուած, մնացեալ կէսը՝ ցիրւկցան ի սփիւռս աշխարհի։
       Այդ ժողովուրդը- այսինքն կէսը որ ողջ մնաց- ինկաւսար ու ձոր, անցաւ ծով ու ցամաք, քսուեցաւ աշխարհի բոլոր ցեղերուն եւ ազգերուն, - եւ բոլորովին կորսնցուց իր հաւասարակշռութիւնը։
       Այն աստիճան որ, փոխանակ հին խրամատները լեցնելու եւ ամփոփուելու, ինքն իրմով գօտեպնդուելու, ճեղք ճեղքի վրայ բացաւ, ճակատ ճակատի դէմ հանեց, եւ ինքն ալ մնաց շուարուն՝ չորս ճամբաներուն վրայ։
       Եւ այս՝ լման տասըտարի քամելէ յետոյ պանդխտութեան բոլոր դառնութիւնները։ Ցմրուր քամելով օտարութեան լեղին…
       Այս ժողովուրդը ունեցաւ բոլոր առաքինութիւնները, բացի մէկէն, - քննական ոգի։
       Ան հաւատաց ինչ որ պատմեցին, եւ մէկ աջ, մէկ ձախ ժպտելով, թոյլ տուաւ որ մարդիկ իրենց բուրդը մանեն իր գլխուն։
       ան չսորվեցաւ իր պատմութիւնը։ Կամ սորվեցաւ այնպէս ինչպէս ուսուցին օրը օրին։ Ինչպէս որ հաճոյ էր իրեն։
       Հազիւ լրացած իր պանդխտութեան առաջին տասնամեակը, ան դարձաւ անճանաչելի եւ անկերպարան՝ իր «ուսումնական»ներուն, ամէնէն տարրական գիտելիքներն ալ։
       Ու գնաց ո՛ւր որ քաշեցին, - մերթ աջ, մերթ ձախ։ Երկու քայլ յառաջ, տասը քայլ ետ։
       Ան ունէր պարտականութիւններ եւ սրբութիւններ, որոնց համար գլուխ գլխի կուտար, - հոգի՜ն կուտար, երբեմն։
       Հազի՜ւ տասը տարի դիմացան այդբոլորը, օտարհողի վրայ։
       Դարեր ու դարեր, անոր համար միութեան գիծ մըն էր եկեղեցին։
       Այսօր, արդէն, ունինք «մեր ժամը», «ձեր ժամը»։ Վերի թաղ, վարի թաղ։ Ազգային եկեղեցին եւ անհատականը։
       Գուրգուրանքի եւ գործունէութեան վառարան մըն էր դպրոցը, իր կոկոններով, բողբոջներով ու ծաղիկներով։
       Դպրո՞ց, Դաշնակցակա՞ն է թէ ռամկավար։ Ես կոպեկ չեմ տար անոնց բացած դպրոցին։ Ո՜ղջ մնան ֆրանսականը, յունականը, պուլկարականը, հրէականը…
       Անոր համար օրհնութիւն էր որեւէ միութեան կազմակերպումը։ Գոնէ մարդիկ ճամբայ կ’ելլէին բարի մտքերով։ Ու բարի էր շրջապատն ալ։
       Այսօր Միութիւնները կը համարուին կրկէսներ՝ աքլորամարտ սարքելու եւ ծափեր կորզելու։
       Այս ժողովուրդը կիրակմուտք ունէր իր մեռելներուն համար։ Խունկ եւ աղօթք, որ կը պայծառացնէին իր հոգին։
       Տարիներ անցան, եւ իր ազգային մեռելներն անգամ բեռ դարձան։
       Լաւագոյն պարագային, ամէն տարի վէճ-յաճախ կռիւ- կը ծագէր, մէկ միլիոն մեռելներու յիշատակին առթիւ։- «Կախե՞լ թէ չկախել։ Երգե՞լ թէ չերգել »…
       Այս ժողովուրդը չունէր ազգային- քաղաքական խորհրդանշան, բացի յեղափոխականէն կամ քրիստոնէականէն։
       Ունեցա՜ւ առտու մը, - արիւնով թաթխուած։
       Մեղրալուսինը հազիւ անցած, այդ ալ դարձաւ կռուախնձոր։
       Մարդիկ ելանա այս անտէր ժողովուրդի ծոցէն, - ուսումնականնե՜ր- որոնք «ճիհատ» յայտարարեցին այդ խորհրդանշանին դէմ։
       Եւ որովհետեւ անբաւական էր իրենց ուժը, դիմեցին իւրաքանչիւր երկրի պետական ուժին։ Գրգռեցին հիւրընկալ ժողովոււրդին պատուախնդրութիւնն ալ։
       - Դուք, մեծ ազգ, յաղթական պետութիւն, ի՞նչպէս թոյլ կու տաք որ ձեր փառապանծ դրօշին քով պարզուի «այսպիսի կերպասի ծուէն մը»… Ի՞նչպէս կը հանդուրժէք այս նախատինքին… Եւ անտէր ժողովուրդին ազգային խորհրդանշանը, «Այսպիսի կերպասի ծուէն մը», քաշքշուեցաւ պահականոցէ պահականոց։ Յանցաւորի մը պէս կծկուեցաւ մինչեւ նախարարական գրասենեակներու մէջ, դարձաւ բերնի ծամոց՝ աժեմին- չաժեմին, մինչեւ որ…
       Մինչեւ որ, հիւրընկալ իշխանութիւնը՝ այլեւս համոզուելով թէ իսկապէս անտէր է այս ժողովուրդը, անոր պարտադրեց միայն իր դրօշը, միւսը հռչակելով օրէնքէ դուրս։
       Այսպէ՜ս եւ իր բոլոր գործերուն մէջ, հեռու՝ հայրենիքէն, օտար ափերու վրայ։
       Ահաբեկ՝ արագ եւ անդարձ կազմալուծման հեռանկարէն, ահազանգը սկսաւ հնչել ժողովուրդի խոնարհ խաւերէն։
       Կոչեր սկսան տեղալ յանուն ազգի եւ կրօնի… Յանուն անցեալի եւ մեռելներու։
       Անօգո՜ւտ։ Կորսնցուցած՝ իր հաւասարակշռութիւնը, տարուբեր՝ գոյնզգոյն առաջնորդներու եւ հոսանքներու մէջ, անտէր ժողովուրդը շարունակեց իր կենդանի ուժերն սպառել անծանօթ ուղղութեամբ։ Ճեղք ճեղքի վրայ բանալով։ Հետզհետէ աւելի հեռանալով իր խարիսխէն։
       Պատմութիւնը պիտի ըսէ, տակաւին, թէ առտու մը արթնցաւ անտէր ժողովուրդը։
       Բայց, - շատ ուշ էր, անճանաչելի դարձած ըլլալով իր բարոյական կերպարանքը։
      
       11 Օգոստոս 1933