ԼՈՅՍԸ
ԳՐՈՒԱՆԻ
ՏԱԿ
Անցեալ
Կիրակի
կարգ
մը
հարեւանցի
տեղեկութիւններ
հաղորդեցինք
չորս
վանքերու
մասին,
-
Վենետիկի,
Վիեննայի,
Երուսաղէմի
եւ
Անթիլիասի։
(Չենք
անտեսեր
Նոր
Ջուղայի
վանքը)։
Ուզեցինք
հաստատել
թէ
չորսն
ալ
կը
պարունակեն
անգին
հարստութիւններ՝
հայկական
մշակոյթին
համար։
Արդարեւ,
առաջին
երեքը
ունին
բացառիկ
արժէք,
իբրեւ
գանձարան
հում
նիւթերու,
ձեռագիրներու,
գիրքերու
եւ
թերթերու։
Մխիթարեանները
խորապէս
գնահատելի
աշխատանքներ
կատարեցին,
Միաբանութեան
հաստատումէն
անմիջապէս
վերջ։
Եւ
յաջորդաբար
լոյս
տեսան
պատկառելի
հատորներ։
Կարելի
է
ամբողջ
Մատենադարան
մը
լեցնել
անոնց
հրատարակութիւններով,
-
պատմական,
բանասիրական,
գրական,
բանաստեղծական
եւ
թարգմանածոյ։
Կրնաք
տարբեր
տեսակէտներ
ունենալ
այդ
ուսումնասիրութեանց
եւ
ստեղծագործութեանց
արժէքի
մասին։
Բայց
պիտի
չկրնաք
ժխտել
թէ
այդ
հրատարակութիւնները
կը
կնզմեն
թանկագին
գանձարան
մը,
իբրեւ
աղբիւր
եւ
պաշար։
Իբրեւ
ուղեցոյց
մատենագրական
վերլուծումներու։
Իսկ
այդբոլորը
արդիւնք
են
տքնաջան
պրպտումներու
եւ
յարատեւ,
տաժանակիր
աշխատանքի։
Միաբաններէն
շատերուն
աչքերը
խաւարած
են
փոշեթաթախ
ձեռագիրներու
եւ
յիշատակարաններու
դեղնած,
պտղած
էջերուն
վրայ։
Ուրիշներ
պեղած
ու
պեղած
են
անընդհատ,
հանգոյց
մը
աւելի
քակելու,
տող
մը
աւելի
լուսաբանելու
համար։
Միայն
ձեռագիրներու,
գիրքերու
եւ
թերթերու
հաւաքումը,
դասաւորումն
ու
օգտագործումը
հերոսական
աշխատանք
մը
կ’ենթադրէ։
Մանաւանդ
երբ
նկատի
առնենք
անցեալ
ժամանակները,
իրենց
արկածալի
ելեւէջներով
եւ
նիւթական
տագնապներով։
Արդ,
երեք
վանքերն
ալ
այժմ
կը
գտնուին
բաղդատաբար
տանելի
կացութեան
մը
մէջ։
Կը
վայելեն
ընդհանուր
համակրանք,
որ
շօշափելի
աջակցութեան
կը
վերածուի
պարբերաբար։
Չորրորդը,
Անթիլիասի
մենաստանը
դեռ
նոր
լրացուց
իր
25
ամեակը,
եւ
կը
ջանայ
ապահովել
նոյնքան
ամուր
հիմեր,
իբրեւ
ժառանգորդը
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան։
Այս
քանի
մը
տեղեկութիւններն
ալ
գրի
առինք
իբրեւ
լրացում,
քննելու
համար
հետեւեալ
հարցը.
-
Այսօր
ալ,
իրենց
կոչումին
համապատասխան
աշխատանքներ
կը
կատարե՞ն
չորս
վանքերը,
անշուշտ
իւրաքանչիւրը
համաձայն
իր
կարողութեան։
Մէկդի
դնելով
կղերական
եւ
կրթական
գործունէութիւնը,
չորս
վանքերը
ո՞րքան
կը
ծառայեն
Հայկական
Մշակոյթին,
անոր
զարգացման
եւ
արդիացման։
Աւելի
«մանրենք»
հարցումը,
-
Չորս
վանքերը
ունի՞ն
կամ
կը
փորձե՞ն
հասցնել
նոր
սերունդ
մը,
որ
ցոյց
տայ
քննական
ոգի,
ընդունակութիւն
եւ
կամք
պրպտելու,
վերլուծելու,
տեւական
գործեր
մէջտեղ
հանելու։
Չորսին
ալ
միայն
ձեռագիրները
անսպառ
ոսկեհանք
մը
կը
կազմեն։
Եթէ
չենք
սխալիր,
մասնաւորապէս
Վենետիկի
եւ
Երուսաղէմի
մէջ
անոնց
լոյսը
գրուանի
տակ
է
մնացած
այժմ,
զանազան
պատճառներով։
Անոնց
հրատարակած
թերթերուն
մէջ
ընդհանրապէս
տիժգոյն
է
քննական
գիտական
բաժինը։
Մակերեսային
են
ուսումնասիրական
պրպտումները։
Անգամ
մը
եւս
պիտի
անդրադառնանք։
22
Յունուար
1956