Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՊԱՆԾԱԼԻ ԵԴԵՍԻԱՆ
      
       Տարուբեր՝ ծով կեանքի մը յորձանքին մէջ, մեր զանազան տարեդարձները ժամանակին կատարելու մխիթարութիւնն անգամ չունինք։ Պիտի յարմարինք միջավայրի պահանջներուն, - տրամադրելի սրահ գտնել, խուսափիլ խաչաձեւումներէ, գեղարուեստական բաժին ապահովել, եւ այլն։
       Ծնունդը եւ Զատիկը ճիշդ օրին, քանի որ սեփական եկեղեցի ունինք, բայց ուրիշ որեւէ տարեդարձ, նոյնիսկ Հայաջինջ Սարսափներու սգահանդէսը կապուած է պատահականութեան, երբեմն ալ մարդոց բարեհաճութեան հետ։
       Այսպէս նաեւ Եդեսիոյ Հերոսամարտին 30 ամեակը, որու մասին խօսելու առիթ ունեցանք Հոկտեմբեր 14ին։ Հակառակ իրենց կամքին, կազմակերպիչները հարկադրուեցան այսօրուան ձգել տօնակատարութիւնը, մինչդեռ դէպքը տեղի ունեցած է 1915 Սեպտեմբեր 19- Հոկտեմբեր 15ին։
       Ամէն պարագայի մէջ լաւ է ուշ քան երբեք։ Կսկծալի բան պիտի ըլլար, եթէ հերոսներու եւ հերոսուհիներու յիշատակն ալ վերածուէր անցուկը-մոռցուկ պատմութեանց։ Մանաւանդ այս ափերուն վրայ, ուր հոգիները այնքան շուտ կը թառամին, կը ցամքին, պղտոր հոսանքներու կամ պսպղուն հրապոյրներու լաբիւրինթոսին մէջ։ Անոնց ակնախտիղ տիրապետութեան տակ։
       Իրականութիւն է որ ոչ միայն մեր նոր սերունդը, այլեւ ժողովուրդը ինք շատ քիչ բան գիտէ ժամանակակից պատմութեան ելեւէջներուն, մանաւանդ անոր փառաւոր էջերու մասին։
       Երեսուն տարիէ ի վեր, ինչպէս աւելի առաջ ալ, ընդհանրապէս խօսուած եւ գրուած է թրքական բարբարոսութեանց, ջարդերու եւ աւերումներու մասին։ Օտարներուն առջեւ ալ, առաւելապէս ներկայացած ենք մեր մարտիրոսագրութեամբ։
       Այնպէս որ, ներսէնթէ դուրսէն, այն տպաւորութիւնը գոյացած է թէ խեղճ, անճար, գլուխը կախ ժողովուրդ մը եղած ենք, պարանոցը միշտ պատրաստ՝ թշնամի դանակին տակ։
       Եդեսիան, ինչպէս Վասպուրականը, Շ. Գարահիսարը, Տարօն-Սասունը, Ագ-Տաղը, Սուէտիան, եւ այլն 1915ին, Հաճընը, Մարաշը, Այնթապը եւ ուրիշ քաղաքներ՝ աւելի վերջը, իրենց իսկապէս հերոսական մարտնչումներով բացին աչքերը։ Նոր եւ լուսաւոր էջ մը բացին Հայոց պատմութեան մէջ։
       Ինքնապաշտպանութեան, ազատութեան, հարուածին հարուածով պատասխանելու այդ խիզախ, ռազմական ոգին էր որկը սաւառնէր նաեւ Սարդարապատի եւ Ղարաքիլիսէի արիւնազանգ դաշտերուն վրայ, երբ ամէն ինչ կորսուած կը համարուէր։
       «Մահ կամ ազատութիւն» մարտակոչը թերեւս ոչ մէկ ատեն այնքան սարսած էր բազմութեանց հոգին, որքան այդ օրերուն։
       Մինչեւ 1915 մարդիկ Եդեսիան կը յիշէին Աբգար թագաւորին պատմութեամբ կամ 1895ի ջարդերով։ 1915 Սեպտեմբեր-Հոկտեմբերի հերոսամարտէն վերջն էր որ հայկական այդ բոյնը դարձաւ կրկնապէս պատմական եւ պանծալի։
       Եւ ի՜նչ հերոսամարտ։ Բառն անգամ տժգոյն կ’երեւայ, երբ կ’երեւակայենք այն դժոխային պայմանները ուր մղուեցաւ օրհասական պայքարը։ Կատարեալ գոյամարտ՝ ափ մը կտրիճներով, ուր երիտասարդն ու երիտասարդուհին կը ճակատէին հաւասար անձնուիրութեամբ, քաջութեամբ եւ յանդգնութեամբ։
       Հարկ է կարդալ գիրքերը, հարկ է լսել ականատեսներու վկայութիւնները, աղօտ գաղափար մը կազմելու համար մղուած պայքարին վրայ։
       Եւ ի վերջոյ ճակատ ճակտի կռիւը չէ որ կ’ընկճէ արի ժողովուրդը, այլ թնդանօթը։ Բանակը՝ իր հրետաձիգ ուժերով եւ սպառազէն խառնիճաղանճով, երբ սպառած էր քաջերուն վերջին փամփուշտը։
       Եդեսիաները աւետաբեր ձայներ, անշէջ բոցեր են մեր ազատագրութեան փոթորկաձայն ալիքներուն մէջ։
       Տօնելով հերոսամարտներու յիշատակը, տարուէ տարի, մեր հոգիները կը լեցուին ինքնավստահութեամբ։ Եւ կրնանք աւելի պայծառ աչքերով դիտել ապագան, ո՛ւր որ ալ գտնուինք։
      
       16 Դեկտեմբեր 1945