Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՐԱՄ
      
       Ճակատագրական պահու մը, 1919Յունուարին, պատմութիւնը կ’արձանագրէր երկու անդարմանելի կորուստներ, - երկուքն ալ հետեւանք համաճարակի։
       Յունուար 19ին կը շիջէր Ռոստոմը։ Տասը օր ետքը՝ 29ին, Արամը։ առանց լուր ունենալու անոր մահէն։
       Պահը ճակատագրական էր անոր համար որ, արմատախիլ, արիւնաթաթախեւ ճղակտոր ժողովուրդ մը հրաշքի կըսպասէր, ոտքի կանգնելու համար, իսկ հրաշագործները մատի վրայ կը համրուէին։
       Փոթորիկէ փոթորիկ նետուած, Արամը (Մանուկեան) գոնէ սփոփանքն ունեցաւ տեսնելու հայրենիքի նոր կորիզը եւ անոր աճումը։
       Արտաքին դաւեր խորտակած էին առաջին կորիզը, այն որ հիմնուած էր Վասպուրականի մէջ (1915Ապրիլ)։
       Պայքարը շարունակուեցաւ մինչեւ Արարատեան դաշտ։ Եւ, երեք տարի ետք, մարմին կ’առնէր երկրորդ կորիզ մը, աւելի հաստարմատ եւ տոկուն։ Այն որ երկինքէն ինկած պարգեւ մը կը համարուի այսօր…
       Օսմ. Սահմանադրութեան շրջանին, երբ առաջին անգամ կըծանօթանայինք Վանի Արամին հետ, որո՞ւ միտքէն կ’անցնէրթէ նախախնամական դեր մը պիտի կատարէր ան, հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն եղերական մէկ շրջանին։
       Ոչ մէկ արտակարգ երեւոյթ իր արտայայտութեանց մէջ։
       Համեստ եւ մարդամօտ, մտերմօրէն կը խօսէր ամէնուն հետ։
       Հոսուն էր շունչը եւ տաք։
       Իր դէմքին վրայ կ’երեւար կենդանի կնիքը անլուր տառապանքներու։ Սաստկապէս կը տառապէր սուր յօդացաւէ մը։
       Եւ սակայն, ոչ մէկ տրտունջ։ Կը սիրէր կարդալ, սերտել եւ թելադրութիւններ ուղղել երիտասարդութեան։
       Ընդհանրապէս կը խուսափէր բեմերէն։ Բայց եթէ ստիպուէր խօսիլ, կրակէ բառեր էին որ կը հոսէին իր բերնէն, ինչպէս տեսանք անգամ մը, Սկիւտարի մէջ։
       Առտու մը կ’իմանայինք թէ Սեւ Ծովու ափերը, Օրտու ղրկուած է իբրեւ տնօրէնուսուցիչ դպրոցին։
       Սիրով կը ստանձնէր որեւէ աշխատանք, ինչպէս ուրիշ սքանչելի տիպարներ՝ իր սերունդէն։
       Եւ երբ կրկին Վան կը վերադառնար, կըթուի թէ ամբողջ աշխարհ մը կը բացուէր իր առջեւ, թեւ տալով իր բոլոր ընդունակութեանց զարգացման։
       Համիտեան շրջանին, ջրուղիներու մէջ արգելափակուած կալանաւորըդարձած էր տիրական դէմք մը, որ յեղափոխական եւ քաղաքական գործունէութեան միջնաբերդի մը վերածեց պատմական Վասպուրականը, Ա. Վռամեանի եւ Իշխանի հետ։
       Իր խօսքը կշիռունէր ազգային թէ պետական շրջանակներու մէջ։ Իր շունչը կը սաւառնէր ամէն տեղ։ Բազմազան հանրօգուտ նուաճումներ կը կատարուէին իր շուքին տակ։
       Արամ յարգանք պարտադրած էր նոյնիսկ թուրք հրամանատարին, երբ ան Երեւանի դուռները կը ծեծէր 1918 մայիսեան ճգնաժամին ատեն։
       Ոչ ոք յաջողած է այնքան հարազատօրէն պատկերացնել իր դիմագիծը, հայրենանուէր ճիգն ու աշխարհայեացքը, որքան Ռուբէնը իր Յուշերուն մէջ։
       Ինքն ալ ունի յուշեր, գրի առնուած՝ ընկերներու պնդումով։ Այնտեղ կը պատմէ, յեղափոխական պարզութեամբ, ինչ որ խորհած եւ կատարած են։
       Ինքնատիպ էին իր տեսութիւնները՝ Հայաստանի աշխարհագրութեան եւ ժողովուրդի մասին։
      
       29 Յունուար 1955