Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
«ԱՆՁԻՆՔ ՆՈՒԻՐԵԱԼՔ»
      
       Կատարեալ ողբերգութիւն՝ երիտասարդի մը մահը։ Ինչ ազգի կամ դաւանանքի ալ պատկանի։
       Ամէնէն քարացած սիրտն ալ պաղ սարսուռ մը կը զգայ, իտես կանանչ արեւի մը խաւարման։ Եթէ նոյնիսկ անշնչացած մարմինը ներկայացնէ համեստ գիւղացի մը, բանուոր կամ զինուոր։
       Իսկ երբ յանկարծ կը խաւարի երիտասարդ մը՝ օժտուած բնածին կամ ստացական կարողութիւններով։ Երբ կ’իյնայ գլուխ մը որ կոչուած էր ստեղծագործութեան կայծեր ցանելու իր ճամբուն վրայ…
       Այս եղաւ եղերական վախճանը անբախտ Գուրգէնին։ Խաւարում՝ ճիշդ այն պահուն երբ ճամբուն կէսը հազիւ կտրած էր, իբրեւ կեանք եւ երկունք։
       Իր մտերիմները կը պարզեն զանազան գիծեր՝ ողբացեալ երաժշտագէտին արժանիքներէն։
       Այսօրուան յիշատակի տօնն ալ, որուն կը մասնակցին բազմաթիւ Միութիւններ, կը կազմէ կենդանի վկայութիւն մը ժողովրդական համակրանքի։
       Գունագեղ ածականները չեն որ պիտի բացատրեն ոեւէ արուեստագէտի արժէքը։
       Ողջ ըլլան թէ մեռած, մտքի եւ արուեստի մշակները բազմութեանց սրտին կը խօսին իրենց ստեղծագործութիւններով։ Իրենց երկունքով ու վաստակով։
       Կարճ տեւեց Գ. Ալէմշահի կեանքը։ Բայց, ինչ որ կրցաւ արտադրել առաջին քսանամեակի ընթացքին, արդէն ապահոված է իր տեղը՝ մեր երաժշտական պատմութեան մէջ։
       Վաւերական տաղանդին եւ արժէքին հետ, հարկ է հանդիսաւորապէս արձանագրել նաեւ իր նուիրումը։
       Ո՜րքան գրոց-բրոցներ եւ արուեստագէտներ ունինք, որոնց «աչքը դուրսն է», այս ակնախտիղ պողոտաներուն վրայ։
       Քանիներ ու քանինե՜ր հետզհետէ կը քշուին օրուան հովերէն, աւելի փայլուն դիրքեր գրաւելու համար օտար անդաստաններու մէջ։
       Միայն փորձութիւնը չէ որ կը շլացնէ աչքերը, այլեւ սնապարծութիւնը։
       Եւ երբ ազգային գիտակցութիւնն ու հպարտութիւնն ալ կծկուին, քայլերը մեքենաբար կ’ուղղուին դէպի խորթ, բայց աւելի շահաբեր ասպարէզներ։
       Երեւակայեցէք թէ ինչքան մթագնած պիտի ըլլար հայկական հորիզոնը՝ օտարութեան մէջ՝ եթէ չունենայինք ափ մը երաժշտագէտներ ու խմբավարներ, վառ պահելու համար հայկ. երգը։
       Վառ պահել՝ տարիներու տքնութեամբ։ Կուրծք տալով յաճախ անյաղթելի դժուարութեանց առջեւ։
       Վառ պահել՝ ոչ միայն երգիչներ պատրաստելով եւ երգչախումբեր կազմակերպելով, այլեւ նոր գործեր արտադրելով։ Յօրինելով, դաշնաւորելով, մոռացութենէ փրկելով։ Տարածելով երկրէ երկիր եւ գաղութէ գաղութ։
       Անհրաժեշտ չէ անուններ յիշել, պարզելու համար «նուիրեալներու» այս շարքին յարատեւ եւ բազմարդիւն գործունէութեան բարիքները՝ օտար ափերու վրայ։
       Անոնց մէջ կան տիպարներ որոնք Վարդապետին գործը կը շարունակեն ի գին իրենց առողջութեան եւ հանգստին։ Կը տքնին՝ պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու գիտակցութեամբ։
       «Ձայները» շատոնց մարած պիտի ըլլային, եթէ անոնք ալ վարակուէին օրուան համաճարակէն։
       Յարգանքի, յիշատակի տօները առիթներ են, ոչ միայն մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու, այլեւ կարգ մը պարտականութիւններ կատարելու համար։
       Ահա կը տեսնէք, - նօսրացած կամ յոգնած են ոչ միայն երգչախումբերը, այլեւ երգիչներն ու երգչուհիները։
       Մասնաւոր գուրգուրանքի եւ աշխատանքի կը կարօտի նաեւ այս ճակատը։ Մանաւանդ այս ճակատը, ուր այնքան քիչ են «անձինք նուիրեալք»։
       Գուրգէններու յիշատակը անթառամ կը մնայ, երբ նոյն եռանդով շարունակուի աշխատանքը, հայկական Երգը թնդացնելու համար ի լուր աշխարհի։
      
       19 Փետրուար 1950