«ԱՐՕՐՆ
ԱՍԱՑ
ՏԱՏՐԱԿ
ՀԱՒՔՈՒՆ»
Մռայլ,
թախծագին
շունչ
մը՝
«Յառաջ»ի
այսօրուան
երկու
էջերուն
վրայ,
Կաղանդի
առթիւ,
իբրեւ
մտածում
կամ
յիշատակ։
Ու
այս՝
առանց
մասնաւոր
ծրագրի
մը։
Իրարու
քով
եկած՝
բոլորովին
ինքնաբերաբար։
Կրնա՞ր
ուրիշ
կերպ
ըլլալ,
այսքան
տարի
վերջը,
եւ
մանաւանդ
ա՛յս
պողոտաներուն
վրայ։
Կարօ՜տը
երէկուան,
կարօտը
հայրենիքի,
կարօտը
ազատ
եւ
հարազատ
օդին
օդին
ու
ջուրին։
Եւ
անզօր
սլացք
մը
դէպի
մեր
լեռներն
ու
գետերը։
Ապահովաբար
ոչ
մէկ
չարիք
այնքան
խռոված
չէր
այս
ժողովուրդի
հոգին,
որքան
պանդխտութիւնը։
Եւ
տարուէ
տարի,
այդ
խռովքը
յարաճուն
ուժգնութեամբ
կը
համակէ,
կըվարակէ
ոչ
միայն
բուն
ժողովուրդը-
«պրոլետարիա՜տ»-
այլեւ
անոր
մտքի
մշակները,
առանց
դաւանանքի
խտրութեան։
Ամէն
տեղ
ալ,
վիշտը
անբաժան
է
կարօտէն,
հին
կամ
նոր։
Ո՛րեւէ
յիշողութիւն՝
կ’ասղնտէ
հոգիդ։
Իսկ
երբ
հեռու
ես
հայրենիքէդ
կամ
գոնէ
քու
հարազատ
միջավայրէդ,
յիշողութիւնը
կը
դառնայ
կատարեալ
տառապանք։
Կան
կարօտներ
մանկունակ,
կապուած
զուտ
անձնական
յոյզերու
հետ,
եւ
կարօտներ
մշտնջենական։
Այս
վերջինն
է
որ
կ’աճի
ու
կը
ծաւալի
տարիներուն
հետ,
եւ
կը
դառնայ
ճշմարիտ
մղձաւանջ
մը։
Եւ
այստեղ
ալ,
նորէն
ինքնապաշտպանութեան
բնազդն
է
որ
կը
խօսի,
ալեկոծելով
հոգիդ,
եւ
անզօր
կատաղութեան
մը
մատնելով
ամբողջ
էութիւնդ։
Արօրն
ասաց
տատրակ
հաւքուն
«Ի՞նչի
կուլաս
կուց
կուց
արիւն,
Երթայ
լցուի
բարակ
առուն»։
Տատրակն
ասաց
արօր
հաւքուն.
«Գնաց
գարուն,
եկաւ
աշուն,
Կըտրաւ
ջըրիկ
աղբիւրներուն,
Կըտրաւ
խոտիկ
ծաղիկներուն,
Կըտրաւ
ձէնիկ
կաքաւներուն,
Էնքան
պիտի
լամ
երերուն,
Արիւն
կաթէ
իմ
աչքերուն,
-
Ես
ի՞նչ
անեմ
իմ
ձագերուն»։
Տատրակը
գոնէ
սփոփանքն
ունի
գարնան
վերադարձին.
Ասաց.
-
Դու
մի
լա
էս
աշուն,
Չէ՞
վաղ
կուգայ
բարի
գարուն,
Լոյս
կը
բացուի
վեր
աշխարհուն,
Դուռ
կը
բացուի
խեղճիկներուն,
Ես
քեզ
կ’առնեմ
իմ
թեւքերուն,
Թըռնեմ
բարձրիկ
վեր
ծառերուն,
Տանիմ,
հանեմ
վեր
սարերուն…
Ունի՞նք
մենք
ալ,
այս
սփոփանքը։
Թող
ամէն
մէկը
հարցումն
ուղղէ
ինքն
իրեն,
-
առանց
դաւանանքի,
սեռի
կամ
տարիքի
խտրութեան…
*
Եւ
սակայն,
չէ՞
որ
ամէն
ժողովուրդ
ինքն
է
տէրն
ու
տիրականը
իր
ճակատագրին։
Իսկ
երբ
այդ
ժողովուրդը
ամբողջ
փիլիսոփայութիւն
մը,
այնքան
պայծառ
ու
իրատես
աշխարհահայեացք
մը
կազմեր
է
իր
երգերով,
ամէնէն
անհնարին
տառապանքներուն
մէջ
ալ
իր
բազուկին
եւ
երգերուն
ապաւինելով,
-
ինչո՞ւ
աւելի
վհատ
եւ
նկուն
պիտի
երեւայ
այսօր։
Եւ
ինչո՞ւ
ամէն
բան
մռայլ
պիտի
երեւայ
մեր
աչքերուն։
Անո՞ր
համար
որ
այսօրը
միշտ
փնտռել
կուտայ
երէկը,
եւ
ապահովաբար
վաղը
պիտի
փնտռենք
նաեւ
այս
օրերը…
Շատ
հեռուները
կրնար
տանիլ
մեզ,
այդպիսի
խորհրդածութիւն
մը։
Դիմանալ,
դիմանա՜լ
եւ
յաղթել,
-
ահա
հիմնական
դաւանաքը,
անգիր
իմաստութիւնը
այս
ժողովուրդին։
Տոկալու
եւ
մարտնչելու
պայքար
մը,
նաեւ,
այսօր,
բոլորովին
տարբեր
պայմաններու
մէջ,
բայց
նոյն
մտահոգութեամբ,
-
ինքնապաշտպանութիւն։
Դուք
ըսէք՝
«սրբազան
եսասիրութիւն»,
ինչպէս
կը
հոլովեն
բախտաւորներն
ու
հազարապատիկ
աւելի
հզօրները։
Արդ,
ինքնապաշտպանութիւնը
կը
դառնայ
սնամէջ
բառ
մը,
անբովանդակ
բացագանչութիւն,
երբ
դուն
ճակատները
յանձներ
ես
չորս
հովերուն,
փոխանակ
տիրաբար
վարելու։
«Դիմանալ»ը
այդպէս
չէին
հասկնար
երէկ,
իսկապէս
դժոխային
պայմաններու
մէջ։
Եւ
աղօթքները,
անէծքները
կամ
հառաչանքները
չէին
որ
լուսաւորեցին
այս
ժողովուրդի
հոգին,
ամէնէն
ահաւոր
ճգնաժամերուն։
«Արօ՞ր»
մը
կը
փնտռենք
իբրեւ
ազդարար,
աւետելու
համար
գարնան
վերադարձը։
Ահա
երիտասարդութիւն
մը՝
աչքերը
բացուած
ժամանակէն
առաջ,
կրակին
մէջ,
այս
կամ
այն
դրօշին
տակ։
Ահա
սերունդ
մը
հասուն՝
յեղափոխական
եւ
մարտական
առաքինութիւններով։
Եւ
դեռ
ուրիշ
բազմաթիւ
ազդակներ-
գլուխն
ըլլալով
մանրանկար
հայրենիք
մը։
Թող
բոլորը
լծուին
աշխատանքի,
համաձայն
իրենց
հայեցողութեան
եւ
կարողութեան
եւ
«մեր
ցաւ
կուտանք
հարաւ
քամուն»։
5
Յունուար
1936