ՃՊՈՒՌՆԵՐԸ
ԿԸ
ՃՐՃՌԱՆ
Ճամբայ
բացէք,
-
«Անոնք»
են
որ
կուգան,
յաղթապա՜նծ
եւ
սպառնալից։
Պոչատ
աղուէսներու,
գուժկան
ագռաւներու
եւ
թուլբերան
թութակներու
խատուտիկ
շքախումբն
է
որ
յառաջ
կը
խաղայ,
գրաւելու
համար
դիրքերը։
Նոյն
անմիտ
եւ
անկիրթ
խառնիճաղանճը,
ճաթած
թմբուկով
եւ
ժանգոտած
շեփորով։
Երբեմն
ծեքծեքուն,
մեղրածորան
բառեր
արտասանելով,
բայց
միշտ
լիրբ
եւ
ծուռբերան։
Այլ
մանաւանդ
անբարոյական։
Արձակուա՜ծ
է
մարտակոչը,
-
«Միացեալ
ճակատ
յարդարել
Հայութեան
ներքին
միակ
թշնամիին՝
Դաշնակցութեան
եւ
անոր
շէֆերուն
դէմ»։
Ինչո՞ւ
չէ։
Հրամեցէք
ասպարէզ։
Թուրքն
ու
բոլշեւիկն
ալ
ձեզի
օգնական։
Անոնց
չարախինդ
քրքիջները՝
ներշնչումի
անսպառ
աղբիւր
ձեզի
համար։
Եւ
անոնց
օրհնութիւնը
միշտ
անպակաս՝
ձեր
գլխուն
վերեւ։
«Թոկից
փախա՞ծ»։
«Խելքից
պատուհա՞ս»։
Ի՜նչ
տժգոյն
բառեր,
բնորոշելու
համար
թունաւոր
համաճարակ
մը,
որ
հետզհետէ
կը
ծաւալի
«յառաջդիմական»
կոչուած
յարդանոցներու
մէջ։
Արշա՜ւ
սանձակոտոր։
Անզօր
կատաղութիւն։
Ասիական
խուժանավարութիւն։
Անյատակ
տգիտութիւն
եւ
անբարոյականութիւն։
Եւ
այս՝
շնորհիւ
այն
ազատութեան
զոր
ե՛ւ
կը
վայելեն
ե՛ւ
կը
ծաղրեն,
գետնամած
երկրպագելով
ամէնէն
բարբարոսական,
արիւնախանձ
բռնապետութեանց։
Ծա՞նր
են
այս
բառերն
ու
բացատրութիւնները,
սիրելի
ընթերցող։
Մենք
վարժուած
չենք
փողոցէն
հաւաքուած
գարշահոտութիւններ
թխելու։
Այդ
մենաշնորհը
կը
թողունք
անոնց
որ
վարժուած
են
օրն
ի
բուն
սողալու,
ստելու,
քծնելու,
խեղաթիւրելու,
զրպարտելու։
Կը
վերապահենք
անոնց
որ
մասնագիտութեան
վերածեր
են
սեւ
ցանկեր
կազմելու
եւ
եղբայրասպան
ձեռքեր
զինելու
արհեստը։
Միշտ
կռնակը
տուած
օտարին։
Միշտ
ի
հաշիւ
օտարին։
Բռնաւորին։
Հայ
ժողովուրդի
ոխերիմ
թշնամիներուն։
Իւրաքանչիւր
բառը
որ
կը
գործածենք,
ամբողջ
պատմութիւն
մըն
է։
Անողոք
իրականութիւն,
զոր
չեն
կրնար
պարտկել
ոչ
պառաւական
«մասալ»ներով,
ոչ
ալ
զանազան
«չինովնիկ»ներու
փոխ
տուած
կարմիր
կամ
դեղին
ձիւթերը
ծամելով։
Մենք
պիտի
չզիջանինք
մեր
կարգին
հրաւիրել
ոչ-Դաշնակցական
Հայութիւնը
որ
«միացեալ
ճակատ»
կազմէ
այս
դիմակաւոր
թշուառականներուն
եւ
փարախէն
փախած
սինլքորներուն
դէմ։
Անոնք
արդէն
գտած
են
իրենց
պատիժը,
հետզհետէ
խրելով
վայբերան
ամբոխավարութեան,
ինքնակեր
խուճապի
եւ
խելագարութեան
նոպաներուն
մէջ։
Ոչ-Դաշնակցական
Հայութիւնն
ալ
արձակած
է
իր
վճիռը,
հայ
ժողովուրդի,
հայրենիքի
թշնամիներու
առաջին
շարքին
վրայ
բազմեցնելով
զանոնք։
Վասնզի-
ահա
կը
յայտարարենք
բարձրաձայն.
-
Ո՛վ
որ
կը
փորձէ
վարկաբեկել
Դաշնակցութիւնը,
տկարացնել,
ջլատել,
թաղե՜լ
զայն,
ո՛չ
հայրենիքին
կը
ծառայէ,
ո՛չ
ալ
տարագիր
բազմութեանց։
Կը
ծառայէ
միայն
հայ
ժողովուրդի
թշնամիներուն։
Եւ
ամէնէն
առաջ՝
Թուրքին։
Դեռ
ըսելիքներ
ունինք,
այս
ճրճռան
ճպուռներու
մասին։
Կենդանական
աշխարհին
ճպուռը
գոնէ
միայն
ամառները
կ’երգէ,
անտառին
մէջ։
Կ’երգէ,
կը
պարէ,
եւ
ձմեռն
ալ
անօթի
կը
մնայ։
Այս
մարդակերպ
ճպուռները
կը
ճրճռան
ամառձմեռ։
Տարին
տասներկու
ամիս։
Փորը
կուշտ,
կռնակը
տաք,
բայց
բերանը
միշտ
գարշահոտ։
13
Հոկտեմբեր
1949